image

Հայկական կողմը կը շարունակէ պահպանել հրադադարի ռեժիմը. ՊՆ

Հայկական կողմը կը շարունակէ պահպանել հրադադարի ռեժիմը. ՊՆ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ հայկական կողմը խստօրէն կը պահպանէ ժամը 08:00-էն սահմանուած մարդասիրական հրադադարի ռեժիմը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«Ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնները, թէ, իբր, հայկական կողմը խախտած է մարդասիրական հրադադարի ռեժիմը, չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ ունին ակնյայտ սադրիչ բնոյթ:

Այս առումով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարութիւնը կը կարեւորէ հրադադարի ռեժիմի պահպանման յստակ յարաչափերու շուտափոյթ ներդրումը եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդրութեամբ ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձանց, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակման գործընթացի մեկնարկը»,-ընդգծած է ան: