image
Հրատապ լուրեր:

Պետութիւնը պիտի վճարէ Երեւանի հիւրանոցներուն մէջ ժամանակաւոր բնակող Արցախցիներու քոմունալ ծախսերը

Պետութիւնը պիտի վճարէ Երեւանի հիւրանոցներուն մէջ ժամանակաւոր բնակող Արցախցիներու քոմունալ ծախսերը
Հայաստանի մէջ Արցախի կառավարութեան օփերաթիւ շտապի աշխատանքներու արդիւնաւէտ իրականացման շրջածիրէն ներս Միքայէլ Վիրապեանը հանդիպած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած քաղաքացիներու շրջանին մահացած անձանց յուղարկաւորումը կազմակերպելու, այնուհետեւ Արցախ տեղափոխելու հարցը, որու շուրջ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն։
Ինչ կը վերաբերի Երեւան քաղաքի հիւրանոցներուն եւ հիւրանոցային տուներուն մէջ ժամանակաւորապէս բնակող Արցախի քաղաքացիներու քոմունալ վճարումներուն, Հրաչեայ Սարգսեանը տեղեկացուցած է, որ անոնք կ'իրականացուին պետութեան կողմէ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են այլ խնդիրներու լուծման մեքենականութիւնները, որոնց գործնականօրէն կեանքի կոչելու պահէն քաղաքացիները պիտի իրազեկուին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Արցախի կառավարութեան օփերաթիւ շտապը ։