image
Հրատապ լուրեր:

Էտմոն Մարուքեանէն առաջարկ. Լուծել Խորհրդարանը եւ երթալ արտահերթ ընտրութիւններու

Էտմոն Մարուքեանէն առաջարկ. Լուծել Խորհրդարանը եւ երթալ  արտահերթ  ընտրութիւններու

 

Դիմատետրեան ուղիղ եթերի ժամանակ ՀՀ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը Նիկոլ Փաշինեանին առաջարկած է երկիրը ցնցումներէ դուրս հանելու համար անյապաղ դադրեցնել երկրին մէջ ստեղծուած խառնաշփոթը, ետ կանչել ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը ազատելու հրամանագիրը, վերանշանակել ԳՇ պետի տեղակալը, ցրել խորհրդարանը եւ օր առաջ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակել։

 

«Մենք, ի պատասխան, ստորագրում ենք ցանկացած յուշագիր, որով ասում ենք, որ վարչապետի հրաժարականի պարագայում մենք չենք առաջադրուելու եւ որեւէ մեկին չենք առաջադրելու, որպէսզի խորհրդարանը ցրուի, բոլորով գնանք ընտրութիւնների»,- ըսած է Մարուքեան։