image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է արցախեան հերոս, Շուշիի ազատագրութեան մասնակից Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը

Մահացած է արցախեան հերոս, Շուշիի ազատագրութեան մասնակից Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը

Կեանքէն հեռացած է հայազգի ռազմական գործիչ, ՀՀ ԶՈՒ զօրավար-մայոր, Արցախեան ազատամարտի մասնակից, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան փոխնախարար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը՝ Քոմանտոսը: 

Ա․ Տէր-Թադեւոսեանը Խորհրդային բանակի կազմին մէջ ծառայած է  Աֆղանստանի, Գերմանիոյ, Չեխոսլովաքիոյ եւ Պելառուսիոյ մէջ։

1988 թուականէն միացած է Արցախի ազատագրման պայքարին եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կամաւորականներու զինուորական մարզման գործին մէջ։ 1990 թուականին դարձած է «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատի անդամ։ 1991 թուականին նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժնի պետ։ 1991 թուականի 30 հոկտեմբերին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր-Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ իրականացուած ռազմագործողութեան շնորհիւ ազատագրեցին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Հադրութի շրջանի Տող գիւղը։ 

1992 թուականի մայիսին ան եղած է Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութեան հրամանատարը: 

Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի մահուան լուրը հաղորդած է է  ՀՀ ԶՈՒ փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեանը, նշելով, որ Քոմանտոսը եղած է իր հօր մարտական ընկերը: