image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական ընդդիմութիւնը կը վիճարկէ հանրաքուէի արդիւնքները

Թրքական ընդդիմութիւնը կը վիճարկէ հանրաքուէի արդիւնքները

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ երէկ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքները իրական պատկերը չեն արտացոլեր, քանի որ քաղաքացիներու առնուազն 50 տոկոսը «ոչ» ըսած է նոր Սահմանադրութեան:

Նախնական արդիւնքներու համաձայն, Թուրքիոյ քաղաքացիներու 51,4 տոկոսը քուէարկած է «այո»-ի, իսկ 48,6 տոկոսը՝ «ոչ»-ի օգտին: Հանրաքուէին մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու աւելի քան 85 տոկոսը` շուրջ 50 միլիոն քաղաքացի:

Ընդդիմութեան առաջնորդ Քէմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարած է, որ պիտի պահանջեն ձայներու շուրջ 60 տոկոսի վերահաշուարկ: Ընդդիմութեան գլխաւոր առարկութիւնը Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի որոշումն է, որու համաձայն, ընտրական յանձնաժողովներու կողմէ չկնքուած քուէաթերթիկները եւս վաւեր  համարուած են:

Ի պատասխան, Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սատի Կիւվէն յայտարարած է, թէ նման որոշում եղած է նաեւ նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, եւ արդար չէր ըլլար թեխնիքական անփութութեան պատճառով անվաւեր ճանչնալ քաղաքացիներու ձայները:

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ` սահմանադրական հանրաքուէի վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին 11-12 օրէն: 

ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը քուէարկութեան արդիւնքները վիճելի համարած է: «Սապահ» թերթն ալ այս հանրաքուէն «ժողովրդական յեղաշրջում» որակած է:

Արեւմուտքը «մտահոգիչ» համարած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքները: «Հանրաքուէն չէր համապատասխաներ Եւրոպայի խորհուրդի չափանիշներուն»,- երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին յայտարարած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սէզար Ֆլորին Պրետան: Միջազգային դիտորդներու գնահատմամբ՝ հանրաքուէն անհաւասար պայմաններու մէջ իրականացուած է, եւ լրատուամիջոցները աւելի շատ տեղի տուած են «այո»-ի քարոզարշաւին: Միջազգային դիտորդները անընդունելի համարած են նաեւ Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի` չկնքուած քուէաթեթիկները վաւեր ճանչնալու մասին՝ վերջին պահին կայացուած որոշումը: