image

Յունաստան մերժած է թուրք զինուորականներու արտայանձման Թուրքիոյ պահանջը

Յունաստան մերժած է թուրք զինուորականներու արտայանձման Թուրքիոյ պահանջը

Յունաստանի վճռաբեկ դատարանը երկրորդ անգամ մերժած է Թուրքիոյ պահանջը՝ արտայանձնել ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք Յունաստան փախած 3 թուրք զինուորականները, հրամանատարներ՝ Ֆէրիտուն Չոպան, Ապտալլա Եէթիք եւ Սուլէյման Օզքայնաքչը:

Միջանկեալ նշենք, որ ընդհանուր առմամբ 15 յուլիս 2016-ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք Յունաստան փախած էին 8 թուրք զինուորական: Վերջիններս կը մեղադրուին ռազմական յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ:

Ըստ թրքական «NTV» հեռուստաալիքի լրատուական կայքին` մնացած 5 զինուորականներու գործերը դատարանը յառաջիկայ օրերուն  առանձին-առանձին պիտի քննւ:

Թրքական աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ  Յունաստանի գերագոյն դատարանը  2017 յունուարին որոշում կայացուցած էր մերժել նաեւ Թուրքիոյ առաջին պահանջը վերոնշեալ զինուորականները արտայանձնելու վերաբերեալ: Դատարանի որոշման մէջ նշուած է, որ թրքական կողմը որեւէ երաշխիքներ չէ տուած, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորականներու նկատմամբ տեղի կ'ունենայ արդար դատավարութիւն: