image

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ արտօնած է Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ կռուող քիւրտերու զինումը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ արտօնած է Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ կռուող քիւրտերու զինումը

Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ արտօնած է Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ կռուող քիւրտերու զինումը:

Փենթակոնէն բանբեր մը յայտնած է, որ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն մաս կազմող քիւրտ զինեալները սպառազինութիւն պիտի ստանան Տահէշը Ռաքքայէն վտարելու համար` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «շատ լաւ կը գիտակցի» այդպիսի քայլի մը նկատմամբ Թուրքիոյ ունեցած մտավախութիւնները:

Փենթակոնի բանբերը նաեւ ընդգծած է, որ Ռաքքայի վերատիրացման ճակատամարտը պիտի ըլլայ երկար եւ դժուար: