image

Իմատ Թամո կամ «Տահէշ»էն փրկուած պատանիին պատմութիւնը

Իմատ Թամո  կամ «Տահէշ»էն փրկուած    պատանիին   պատմութիւնը

«Տահէշ»էն  փրկուած  12 տարեկան եզիտի   պատանին ցանկութիւն յայտնած է միանալու իր մօր, որ  նոյնպէս 3 տարի առաջ   փրկուած   ու  տեղափոխուած էր Գանատա:

12 տարեկան եզիտի տղուն՝ Իմատ Թամոն     գերեվարուած էր 2014-ին, երբ զինեալները ներխուժած   էին  հիւսիսային Իրաքի Սինճար շրջանը:

Նշենք որ այս շրջանի բնակիչներու մեծամասնութիւնը եզիտիներ էին: «Տահէշ» ձերբակալած է հազարաւոր եզիտիներ, սպաննած է  հարիւրաւոր   մարդկանց   եւ գերի պահած է կիներն ու երեխաները: «Տահէշ» մտադիր է եզիտի երեխաները   «վերածել»   իսլամիստ    «ռազմիկ»ներու:

Մոսուլ քաղաքի ճակատամարտին  վերջին փուլին, Իմատ  ազատութեան   մէջ  յայտնուած է    շնորհիւ իրաքեան բանակին:

Ան այժմ կը գտնուի իր միակ հարազատին՝ հօրեղբօր մօտ:

Ըստ Իմատի հօրեղբօր, Իմատ ցանկութիւն ունի միանալ իր մօրը  եւ  մեկնիլ Գանատա   եւ կարգ մը      մարդասիրական   կազմակերպութիւններ կ’աշխատին իր  երազը   իրականութիւն  դարձնելու   ուղղութեամբ: