image

Աւստրալիացի կին պատգամաւորը սեւ լաչակ կրելով մտած է խորհրդարան

Աւստրալիացի կին պատգամաւորը սեւ լաչակ կրելով մտած է խորհրդարան

Աւստրալիոյ ընդդիմադիր «Մէկ հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Փոլին Հանսըն անսպասելի քայլով  մը իսլամ կանանց յատուկ սեւ զգեստով մուտք գործած է խորհրդարան:

 Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Պի. Պի. Սի.» կայանը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ Հանսըն այս քայլին գացած է հանրութեան եւ իր պաշտօնակիցներուն  ուշադրութիւնը նուրբ  խնդրի մը հրաւիրելու նպատակով:

 Իր կարգին երկրի արդարադատութեան նախարար Ճորք Պրանիս դէպքէն ետք լրագրողներուն խօսելով դատապարտած է Հանսընի արարքը նշելով,  որ նման մօտեցումներ կրնան  վիրաւորական ըլլալ երկրի փոքրամասնութեանց համար:

 Նշենք, որ Աւստրալիոյ մէջ եւ յատկապէս վերջին տարիներուն վէճի  առանցք սկսած է դառնալ հանրային վայրերուն մէջ կանանցսեւ գլխաշոր կրելու խնդիրը ու քիչ չեն  այն քաղաքական կողմերը, որոնք դէմ  են այդ երեւոյթին:

  Յիշեցնենք, որ Հանսընի այս «աչք ծակող» արարքը  կատարուա է Աւսրտալիոյ խորհրդարանին մէջ իսլամական լաչակ կրելու մասին տեղի ունենալիք քննարկումներէն  առաջ: