image

Պատերազմէն 7 տարի անց Սուրիացի զինուորը կարողացաւ իր մօրը տեսնել (Տեսանիւթ)

Պատերազմէն 7 տարի անց Սուրիացի զինուորը կարողացաւ իր մօրը տեսնել (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ բանակին մէջ ութ տարիներէ ի վեր ծառայող եւ այդ ամբողջ ընթացքին իր մօրմէն հեռու գտնուող սուրիացի զինուորը, առաջին անգամ ըլլալով հնարաւորութիւն կ'ունենայ ահաբեկիչներու կողմէ շրջափակուած Արեւելեան Ղութայէն դուս եկող մօրը տեսնելու եւ գրկելու: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական լրատուականը, այդ հանդիպման ազդեցիկ պահերը ներկայացնող տեսանիւթ տարածելով:

 

Ինչպէս կը գրէ «Russia Today»ը, Արեւելեան Ղութայէն հազարաւոր քաղաքացիներ կը շարունակեն Սուրիոյ բանակի ուժերու եւ Սուրիոյ մէջ հաշտեցման ռուսական կեդրոնի հսկողութեան տակ գտնուող մարդասիրական անցքերէն դուրս գալ, որոնց կը փոձեն ապահովել մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութեամբ: