image

Պիտի արշաւենք դէպի Իտլիպ, որմէ ետք ալ պիտի ազատագրենք Կոլանը. Ֆայսալ Ալ-Մըքտատ

Պիտի արշաւենք դէպի Իտլիպ, որմէ ետք ալ պիտի ազատագրենք Կոլանը. Ֆայսալ Ալ-Մըքտատ

Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Ալ-Մըքտատ երէկ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, յայտարարեց, որ Սուրիա ուշ կամ կանուխ պիտի ազատագրէ Իտլիպը: Մըքտատ յայտնեց, որ իրենք կը պատրաստուին այդ հանգրուանին ու Իտլիպի առումով կարեւորը նպատակն է:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը կը նախընտրէ խաղաղութեամբ յաղթահարել այս փուլը, քան թէ պատերազմական գործողութիւններով:

Մըքտատ նաեւ յայտնեց, որ Իտլիպէն ետք Սուրիոյ բանակը պիտի ազատագրէ երկար տարիներէ ի վեր Իսրայէլի տիրապետութեան տակ գտնուող գրաւեալ Կոլանի տարածքները:

Նշենք, որ այս յայտարարութիւնը տեղի կ'ունենայ Իտլիպի շուրջ Սոչիի մէջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յաջողուած համաձայնութենէն ետք, որուն շնորհիւ Իտլիպի դէմ նախատեսուած զինուրական գործողութիւը առկախուեցաւ եւ Փութինի ու նաեւ Էրտողանի ճիգերով կարելի եղաւ Իտլիպը դուրս բերել նախատեսուած քաոսային իրավիճակէ մը:

Ներկայիս կը խօսուի, որ այս երկու պետութիւններու ամբողջական վերահսկողութեամբ Իտլիպի մէջ պիտի ստեղծուի զէնքէ զուրկ, խաղաղութեան գօտի մը, որմէ ետք ալ նախատեսուած է, որ այդ շրջանին մէջ տեղակայուած «Ժապհէթ Ալ-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումները դուրս գան այդ հողերէն: