image

Ահաբեկչական պայթում Հասիչէի մէջ. Կան զոհեր

Ահաբեկչական պայթում Հասիչէի մէջ. Կան զոհեր

Քիչ առաջ ահաբեկչական պայթում մը գրանցուած է Սուրիոյ Հասիչէ քաղաքին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ AFP ֆրանսական լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումը թիրախ ընտրած է ամերիկեան, ինչպէս նաեւ քրտական ուժերու պատկանող զինուորական կայանատեղի մը:

Նախնական տուեալներով կան 5 զոհեր:

Յիշեցնենք, որ անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին այս երկրորդ ահաբեկչական պայթումն է, որ տեղի կ'ունենայ, մինչ անցեալ շաբաթ նմանատիպ պայթում մը տեղի ունեցած էր Մանպիճ քաղաքին մէջ: