image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պէյրութ ժամանեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պէյրութ ժամանեց

Պաշտօնական կարճ այցելութեամբ մը Միացեալ Նահանգներու ԱԳ նախարար Մայք Փոմփէօ քիչ առաջ Պէյրութ ժամանեց:

Փոմփէօ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ քննարկէ տարածաշրջանի ընդհանուր իրավիճակը:

Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Փոմփէոյի այցը տեղի կ'ունենայ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի նոր պատժամիջոցներ նշանակել Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան դէմ:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Փոմփէօ այցելէ Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուի երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի կողմէ: