image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ ահաբեկչութիւն Աֆղանիստանի մէջ. Պսակի արարողութեան ընթացքին եղած պայթումը խլած է 63 զոհեր (Լուսանկար)

Մեծ ահաբեկչութիւն Աֆղանիստանի մէջ. Պսակի արարողութեան ընթացքին եղած պայթումը խլած է 63 զոհեր (Լուսանկար)

Աֆղանստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ հարսանիքի ժամանակ պայթում որոտացած է, ինչի հետեւանքով 63 մարդ զոհուած է, աւելի քան 180-ը վիրաւորուած են: Այս մասին կը  հաղորդէ «Ալ-Մայատին»ը:

Պայթումը տեղի ունեցած է 22:40-ի սահմաններուն՝ մեծամասամբ իսլամի շիա ուղղութեան հետեւորդներով բնակեցուած թաղամասին մէջ: Ականատեսներու խօսքով, պայթումը իրականացուած է մահապարտ ահաբեկչի կողմէ:

«Թալիպան» իսլամիսթական խմբաւորումը հերքած է իր մասնակցութիւնը տեղի ունեցածին: Առայժմ որեւէ ահաբեկչական խմբաւորում պայթումի համար պատասխանատւութիւն չէ ստանձնած: