image

Հաֆրին Խալաֆ. Քիւրտ հերոսուհին թուրք հրոսակներու զոհ (Վիտէօ)

Հաֆրին  Խալաֆ. Քիւրտ  հերոսուհին  թուրք  հրոսակներու զոհ  (Վիտէօ)

Քիւրտ  քաղաքական  գործիչ,  «Ապագայ Սուրիան»  կուսակցութեան  նախագահ  Հաֆրին Խալաֆ  այսօր Տէրիքի մէջ  հողին  պիտի յանձնուի։

Ինչպէս   աւելի   վաղ   «Արեւելք»  հաղորդեց, երէկ  Անգարայի  հովանաւորութեամբ գործող «Ալ Ժայշ  ալ ուաթանի»ն      անմարդկային պայմաններու տակ      կրակ  բացած ու սպաննած էր  ինը անձեր, որոնցմէ  մին  քիւրտ  գործիչ Հաֆրին Խալաֆն էր ։

Աւելի ուշ նաեւ պարզ կը դառնար, որ  այն տեսանիւթը, ուր եղած սպաննութեան  դէպքը  կը ներկայացնէ ճիշդ  է,   եւ տարածուած տեսանիւթէն  պարզ կը դառնար, որ  անողոք   զինեալներ       անարգելով պատերազմի  բոլոր կանոնները՝ կրակ կը բանան  անզէն  Խալաֆի    եւ անոր վարորդին  վրայ ու տեղն ու տեղը կը սպաննեն  զիրենք։

Իր կարգին   քրտական   թեմաներու  մասին    հանրայայտ  փորձագէտ Մութլու Չէվիրօղլու  զոհուած  գործիչին մասին  գրառում մը կատարած էր. «Խոր  վիշտով  ձեր հետ  կը  բաժնեկցիմ  քիւրտ  յայտնի  գործիչին  նահատակութեան  լուրը։ Հաֆրին  Խալաֆը, ոչ միայն  մարդկային իրաւանց  հարցերով   պաշտպան ու գործիչ  էր, այլ նաեւ բարձր ունակութիւններու տէր  անձնաւորութիւն եւ դիւանագէտ: Ան շատ առիթներով  ներկայ եղած է քրտական  կողմի եւ ամերիկացիներու ու ֆրանսացիներու միջեւ եղած  կարեւոր հանդիպումներուն։ Մեր  ցաւը մեծ է, մեր կորուստը   անասելի է այսօր...»: 

 


 

Նշենք նաեւ,  որ այս  տեսանիւթէն բացի համացանցի ճամբով  տարածուած են    քիւր տասնեակ մարտիկներու  անմարդկային պայմաններու տակ  սպաննուելու տեսարանները։