Սուրիոյ բանակի շարասիւններ քիչ առաջ սկսած են շարժիլ դէպի Մընպիճ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Sky News Arabic կայանը, որ նաեւ նշեց, որ սուրիական բանակին կ՚ընկերակցին ռուսական զօրամիաւորումներ։
Ըստ նախնական տուեալներու, Սուրիոյ բանակը պիտի ստանձնէ Թուրքիոյ հետ սահմանային գօտիին ապահովութիւնը եւ յատկապէս Մընպէճի մէջ պիտի տարածուի «Սաճուր» գիծին վրայ, որ կը բաժնէ Ճարապլուս քաղաքը Մընպիճէն։
Նշենք, որ Սուրիոյ զարգացումներուն մասին լուրեր հաղորդող վերլուծական կեդրոններ վերջին ժամերուն խօսած են Սուրիոյ կառավարութեան եւ շրջանի քիւրտերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը մասին, որուն հիմնական հովանաւորը Մոսկուան է։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն գոյացած համաձայնութեան, մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն։