image
Հրատապ լուրեր:

«Ես իշխանութեան վրայ վախ չունի, այլ կը վախնամ Լիբանանի վրայ ...» Նախագահ Աունի զրոյցին կարեւոր կէտերը

«Ես իշխանութեան վրայ վախ չունի, այլ կը վախնամ  Լիբանանի  վրայ ...» Նախագահ Աունի  զրոյցին  կարեւոր   կէտերը

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաժողովրդային շարժումը սկսաւ տնտեսական պահանջներով, որոնք ձեւափոխուեցան եւ վերածուեցան քաղաքական պահանջներու:

Նշենք, որ պատկերասփիւռի   կայաններէն ուղիղ   սփռումով ներկայացուած   զրոյցին կը մասնկացէին Լիբանանի լրագրողական համայնքի երկու   յայտնի դէմքեր՝  Սամի Քըլայպն ու  Նիքոլա  Նասիֆը։

«Բնական է, որ երբ ժողովուրդին եւ կառավարութեան միջեւ վստահութիւնը կորսուած է, ապա ժողովուրդը պիտի պահանջէ կառավարութեան փոփոխութիւնը, որպէսզի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը լսէ անոր պահանջները եւ գործադրէ զանոնք:Ես անսացի համաժողովրդային շարժումին, որուն պահանջները արդարացի են, եւ զայն խորհրդակցութեան հրաւիրեցի, սակայն պատասխան չստացայ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական հակադրուած ընկերութիւն մը կայ, եւ կարելի չէ մթնոլորտը աւելի եւս բարդացնել, այլ պէտք է ստեղծել ներդաշնակ մթնոլորտ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադրել ժողովուրդին պահանջները գոհացնող ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պայքարիլ փտածութեան դէմ:

«Նախագահութեան պաշտօնին հասայ միայն պետութիւն կառուցելու համար: Ցուցարարներուն երեք անգամ կոչ ուղղեցի հրապարակները միասնականացնելու եւ միասնաբար գործելու, որպէսզի բարեկարգումները գործադրուին, սակայն անոնք չօժանդակեցին ինծի: Գիտակցութիւնը ունիմ, սակայն ոչ իշխանութիւնը, որովհետեւ կաշկանդուած եմ իշխանութեան ու հասարակութեան միջեւ հակասութիւններով, եւ ժողովուրդին ըմբոստութեան շնորհիւ ստեղծուեցաւ բարեկարգումներ կատարելու կարելիութիւն մը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսը կը նշանակէ, որ երկրին մէջ պարկեշտ մարդ չկայ: «Ասիկա սխալ է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կան ատակ անձնաւորութիւններ, որոնք կրնան երկիրը փրկել», հաստատեց ան:

Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ տնտեսական նախագիծը գործադրելու յանդգնութիւն ունենայ:

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները հինգշաբթի կամ ուրբաթ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն անիկա հաւանական նկատեց` աւելցնելով սակայն, որ անոնք կախեալ են խնդրոյ առարկաներուն պատասխաններէն, որովհետեւ կան բազմաթիւ դժուարութիւններ: «Եթէ առնչակից կողմերէն պատասխաններ չստանանք, ապա խորհրդակցութիւնները կրնան քանի մը օրով ուշանալ», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ճակատաբաց կրնայ ամբողջ աշխարհին ըսել, թէ լիբանանցիներէն բացի ոչ ոքի պարտական է: Ան աւելցուց, որ ինք նախագահութեան չէ հասած միջազգային աջակցութեան շնորհիւ` շեշտելով, որ իր անկախութիւնը իրեն հարցեր պատճառած է:

 

Դատական իշխանութեան համակարգին անդրադառնալով նախագահ` Աուն յայտնեց, որ այդ իշխանութեան մէջ փտածութեան գոյութեան հիմնական պատճառը քաղաքական միջամտութիւններն են, որոնք պէտք է վերջ գտնեն:

 

Յաջորդ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը դարձեալ նախարար նշանակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ. «Պասիլ ինք կ՛որոշէ նոր կառավարութեան մաս կազմել, թէ ոչ, եւ ոչ ոք կրնայ իրեն այդ մէկը կատարելը արգիլել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան` նախագահ Աուն յայտնեց, որ նման կառավարութիւն մը չի կրնար երկրին քաղաքականութիւնը վարել: «Կը փափաքիմ, որ կառավարութեան մաս կազմեն խորհրդարանին անդամ չեղող քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ», ըսաւ ան:

 

Ան նշեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու վերաբերեալ պատասխան չէ տուած:

 

Նախագահ Աուն լիբանանցիներուն ըսաւ. «Մի՛ փութաք դէպի դրամատուներ` ձեր պահ դրուած գումարները ստանալու համար, որովհետեւ անոնք ամբողջութեամբ երաշխաւորուած են»:

 

Ան նշեց, որ ինք իշխանութեան վրայ վախ չունի, այլ` Լիբանանին: Ան նաեւ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են սխալները սրբագրելու, սակայն համաժողովրդային շարժումը իր գործելաոճը պէտք է փոխէ, որովհետեւ այդ ձեւով ան երկիրը կը սպաննէ:

 

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն փոփոխութեան ենթարկելու իրենց ժխտական վարուելակերպը, որովհետեւ ատիկա փոխադարձ ժխտական վարուելակերպ կը ստեղծէ եւ անխուսափելիօրէն կրնայ հասցնել լիբանանցիներու միջեւ բախումի:

 

Հարցազրոյցին մասին նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Աունի խօսքը աղաւաղուած ձեւով կը տարածուի լրատուամիջոցներուն կողմէ:

 

Ըստ հաղորդագրութեան, աղաւաղուած տարբերակն է հետեւեալը. «Եթէ ցուցարարները ոչ մէկուն կը հաւնին, եւ իշխանութեան մէջ ոչ մէկը պարկեշտ է, թող արտագաղթեն»:

 

Հաղորդագրութեան համաձայն, ճիշդ տարբերակը կ՛ըսէ. «Եթէ ժողովրդային շարժումին մէջ չկան պարկեշտ անձնաւորութիւններ, որոնք երկխօսութեան կրնան մասնակցիլ, ապա անոնք թող արտագաղթեն, որովհետեւ այս ընթացքով պիտի չհասնին իշխանութեան»:

 

 

Լրատւութիւնը ՝  «Ազդակ»էն