Բրիտանական The Independent պարբերականի արաբական բաժինը վերլուծական կարճ նիւթ մը հրապարակելով շատ հաւանական համարած է, որ յառաջիկայ փուլին Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռանայ մեծ քաղաքականութիւնէն։
Աղբիւրը, որ հաւանական հեռացման մասին կարգ մը կարեւոր պատճառներ թուարկած է, նաեւ նշած է, որ Հարիիրի ստիպուած պիտի ըլլայ լքել քաղաքական կեանքը նաեւ այն պատճառով, որ իր «սերտ» գործընկերները չեն ուզեր բաժնել անոր մտավախութիւններուն կապուած ոչ քաղաքական-չէզոքներու կառավարութեան մը կազմութեան։
Ըստ նոյն աղբիւրին Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետը առաջիկայ փուլին մտադիր է գործի անցնիլ եւ կազմակերպել իր առաջնորդած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը։