image

Իրաքի խորհրդարանը ընդունեց Ատէլ Ապտըլ Մահտիի հրաժարականը

Իրաքի խորհրդարանը ընդունեց Ատէլ Ապտըլ Մահտիի հրաժարականը

Իրաքի խորհրդարանը բաւարած է վարչապետ Ատէլ Ապտըլ Մահտիի հրաժարականի դիմումը: Այս մասին կը հաղորդէ Корреспондент-ը:

«Ես խորհրդարանին կը ներկայացնեմ պաշտօնական հրաժարականը, որպէսզի խորհրդարանը կարողանայ դիտարկել նոր թեկնածութիւնները»,- ըսուած է Մահիտիի դիմումին մէջ:

Վերջինս հրաժարական տալու մասին յայտարարած էր նախօրէին՝ երկրին մէջ շուրջ երկու ամիս տիրող հակակառավարական ցոյցերու եւ անկարգութիւններու հետեւանքով: Ուրբաթ յայտնի դարձած էր, Իրաքի մէջ մէկ օրուան մէջ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով 40 մարդ զոհուած էր:

Մինչդեռ 1 հոկտեմբերին սկսած բողոքի ցոյցերու հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 400-ը, հազարէն աւելին վիրաւորուած են: