image

Նախագահ Աուն դարձեալ խօսեցաւ բարեկարգումներուն մասին

Նախագահ Աուն դարձեալ խօսեցաւ բարեկարգումներուն մասին

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը խորհուրդներ եւ համադաշնակցութիւններ, որոնց հետ քննարկեց անոնց հետ կապուած հարցերն ու լուծման կարելիութիւնները:

Նախագահ Աուն ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտը, խորհուրդին անդամները, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթը, Դատական իշխանութեան քննիչ խորհուրդի նախագահ, դատախազ Պուրքան Սաատը, դատաւորներ Հելանա Իսքանտարը, Մահեր Շաայիթոն, Էլիան Սապերը, Քլոտ Քարամը եւ Սուհեր Հարաքէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութեան վերաբերող հարցերն ու իրադարձութիւնները, դատարաններուն աշխատանքը, դատական իշխանութեան դերակատարութիւնը` փտածութեան դէմ պայքարին առումով, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան պատիժներու վերաբերող օրէնքը վերատեսութեան ենթարկելու կարելիութիւնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող վարչութիւններուն աշխատելաձեւին բարելաւումը:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի` լուծել կարենալու համար երկրին դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ վերահաստատելու լիբանանցիին եւ պետութեան միջեւ վստահութիւնը: