image
Հրատապ լուրեր:

Ցոյցերը կը շարունակուին ... եւ կառավարութեան կազմութեան համար կարեւոր ժամեր

Ցոյցերը կը   շարունակուին ... եւ կառավարութեան կազմութեան համար  կարեւոր  ժամեր

Լիբանանի   մէջ  բողոքի  ցոյցեր կազմակերպող երիտասարդները այսօր համընդհանուր գործադուլի  կոչով հանդէս  եկած են։

 

 Ըստ   VDL կայանին երէկ  երեկոյեան ուշ  ժամերէն սկսեալ   բողոքարարները  փակած են     տասնեակ  ճանապարհներ, մինչ  ապահովական  ուժեր  փորձած են միջամտել  եւ վերաբանալ  այդ  ճանապարհները։

 

 Միւս կողմէ   քաղաքական գետնի վրայ,  այսօր  կը սպասուի, որ  նշանակեալ  վարչապետ Հասսան  Տիապ    բարձրանայ  նախագահական պալատ եւ նախագահ    Աունին ներկայացնէ իր գլխաւորելիք կառավարութեան   կազմի   վերջնական ցանկը։

 

Կը նշուի նաեւ, որ կառավարութիւնը  պիտի բաղկանայ    18   նախարարներէ, որոնք  բոլորն ալ իրենց  ոլորտին մէջ   կը   համարուին    մասնագէտ-նախարարներ։

 

 Այդպիսով  Տիապ պիտի  յաջողի    հոգացնել   փողոցի  գլխաւոր պահանջներէն  մին     կազմելով ոչ  քաղաքական    գործիչներու կառավարութիւն մը։

 

 Նշենք, որ  կազմուելիք կառավարութեան  մաս պիտի կազմէ  ՀՅԴ-ի  կողմէ  առաջադրուած   նախարար մը, որ  շատ  հաւանաբար   ստանձնէ    զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը։