image

Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհի արեւելեան հատուածը ազատագրուած

Հալէպ-Դամասկոս   ճանապարհի  արեւելեան հատուածը   ազատագրուած

 Սուրիոյ  բանակի    զօրամիաւորումներ    թէժ   մարտեր  տանելէ ետք  կարողացած են   ազատագրել     Հալէպի Խան Ալ Ասալ եւ  Հայ  Ալ  Զահրաա  շրջանները։

  Այս  մասին լուրը   կը հաղորդէ   Սուրիոյ «Սանա»  լրատուական  գործակալութիւնը։

 Աղբիւրը նաեւ կը հաւաստէ, որ  այս    երկու կարեւոր  շրջաններու ազատագրումէն ետք Հալէպ-Դամասկոս   գլխաւոր  ճանապարհի արեւելեան  հատուածն ամբողջութեամբ   անցած է բանակի  տիրապետութեան  տակ։

 Կը նշուի  նաեւ, որ  ազատագրուած  շրջանները  եւ մասնաւորապէս  վերջին շրջանին կը համարուէին Հալէպի խաղաղ  բնակչութիւնը   թիրախ  դարձնող ահաբեկչական  խմբաւորումներու    կեդրոնատեղիներ։

 Նշենք, որ Հալէպի  ճակատին վրայ   գրանցուած  կարեւոր ձեռքբերումներէն  անդին  բանակը  կը շարունակէ   Իտլիպի  շուրջ  ծաւալած      գործողութիւնները։