image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. Թիրախը ՝«Ժիհատ իսլամի» շարժումի առաջնորդներ են

Իսրայէլ  հարուածեց  Դամասկոսը.  Թիրախը ՝«Ժիհատ իսլամի»  շարժումի     առաջնորդներ են

Իսրայէլ  երէկ հերթական  անգամ խախտելով միջազգային բոլոր   արժէչափերն ու  համաձայնութիւնները անգամ մը եւս  հարուածեց   Սուրիոյ մայրաքաղաք  ՝Դամասկոսը։

 

 Այս մասին լուրը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» լրատուական  կայքը  նշելով, որ  հարուածները  թիրախաւորած են   Դամասկոսի  միջազգային օդակայանի  մեր գտնուող     ապահովական կարգ մը կեդրոններ։

 

 Ոչ  պաշտօնական  լուրերու համաձայն  իսրայէլեան օդուժին  հարուածներուն հետեւանքով  զոհուած են  պաղեստինեան «Ժիհատ  իսլամի»   շարժումի երկու  ազդեցիկ    առաջնորդներ։

 

 Կը  նշուի նաեւ, որ   զոհեր  կան  Սուրիոյ   մէջ   ապահովական ծառայութիւն  մատուցող Իրանի «Յեղափոխական   պահակագունդ»ի    միաւորներ։

 

 

 

 

 Նշենք, որ    80-ականներէն ի վեր Սուրիոյ   պետութիւնը     լուրջ տարակարծութիւններ ունեցաւ Արաֆաթի    առաջնորդած   «Ֆաթհ»   շարժումին   հետ եւ այդ  օրերէն  ի վեր «Ժիհատ  իսլամի» շարժումը կը համարուի   պաշտօնական Դամասկոսի  բնական   դաշնակիցը։