Մահաբեր վարակին դէմ 3 շաբաթ տեւած թէժ պայքարէ ետք օրերս իր մահկանացուն կնքած է Գապուշիթ վարդապետ ՝ Հայր Եուսէֆ Սամի Եուսէֆը։
Այս մասին լուրը հաղորդած է «Ալ Ժումհուրիա»ն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լեռնալիբանանի «Տէյր տուրիթ» գաւառակին մէջ ծնած վարդապետը կրօնական ծառայութիւն կը մատուցէր Պարսից Ծոցի երկիրներու մայրաքաղաքներու՝ Տուպայի, Տոհայի եւ Ալ Մանամայի մէջ։
Հանգուցեալ վարդապետը 1957 թուականի ծնունդ էր, ան կը տառապէր ուղեկից հիւանդութիւններէ։