ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չփակէ երկիրը, «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի մը պարագային: Այս մասին ան խօսած է Միչիկըն գտնուող Ֆորտ ընկերութեան մէջ կատարած շրջայցի ժամանակ, երբ անոր հարցուցած են, թէ արդեօք կ'անհանգստանայ COVID-19- ի երկրորդ ալիքով:
«Մարդիկ կ'ըսեն, որ այդ մէկը շատ հաւանական է, բայց մենք պիտի կարողանանք մարել հրդեհները: Մենք պիտի չփակենք երկիրը», - ըսած է Թրամբ լրագրողներուն:
Թրամբ նաեւ վստահութիւն յայտնած է ապագային վարակի բռնկումը զսպելու երկիր կարողութեան մասին ՝ ըսելով, որ ըլլայ այն այրող ալիք, թէ այլ, «Մենք պիտի աշխատինք զայն մարել, բայց պիտի չփակենք մեր երկիրը»:
ԱՄՆ բոլոր յիսուն նահանգները յայտարարած են, որ սկսած են թեթեւցնել «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելով պայմանաւորուած սահմանափակումները, եւ աստիճանաբար կը վերսկսին իրենց տնտեսական գործունէութիւնը, որպէսզի ամերիկացիները կարողանան վերադառնալ բնականոն կեանքի: