image

Ռոհանի. Ռազմական առումով Իրանը բարելաւեց իր դիրքերը

Ռոհանի. Ռազմական առումով Իրանը բարելաւեց իր դիրքերը

Իրանը աշխարհի մէջ ռազմական հզօրութեան ցուցանիշով 22-րդ տեղէն բարձրացած է 14-րդ հորիզոնական: Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Հասան Ռոհանին՝ ելոյթ ունենալով 11-րդ գումարման խորհրդարանի բացման արարողութեան, կը գրէ ria.ru-ն։

«Ինչ կը վերաբերի ռազմական ոլորտին, ապա մենք աշխարհի մակարդակով կը զբաղցնէինք 22-րդ տեղը, իսկ այժմ կը գտնուինք 14-րդ հորիզոնականի վրայ։ Վերջին տարիներու ընթացքին տարբեր ոլորտներու մէջ երկրի ռազմական ներուժի հսկայական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են»,- ըսած է Ռոհանին։

Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Իրանը Արեւմուտքի երկիրներու կողմէ բազմիցս քննադատուած է պալիսթիք հրթիռներու փորձարկումներու պատճառով: Ի պատասխան երկիրը յայտարարած է, որ այդ կ'ընէ պաշտպանական եւ զսպման քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս։