image

Թեհրանի մէջ պայթումին մասին նոր տուեալներ. Զոհուած է 19 անձ

Թեհրանի մէջ պայթումին մասին նոր տուեալներ. Զոհուած է 19 անձ

Օրեր առաջ լուրեր հրապարակուեցան Թեհրանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ գրանցուած  պայթումի մը  մասին։

Պայթումին մասին յաւելեալ լուրեր հաղորդած է ռուսական «Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը գրած է, որ 19 մարդ մահացած է եւ 12 մարդ՝ տուժած, Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած պայթումին եւ անոր առաջացուցած հրդեհին հետեւանքով: 

 

Նշենք, որ պայթումը որոտացած էր Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի հիւսիսային շրջանին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իրանական աղբիւրին:

Կը նշուի, որ պայթիւնի ձայնը լսուած է Թաճրիշ շրջան: Աղբիւրը տեսանիւթ հրապարակած է, որուն մէջ օդ բարձրացող սեւ ծուխ կ'երեւայ:

Կատարուածի պատճառները դեռ յայտնի չեն: