image

Փութին, Էրտողան եւ Ռուհանի Սուրիոյ խնդրով հեռավար ժողով պիտի կայացնեն

Փութին, Էրտողան եւ Ռուհանի Սուրիոյ խնդրով հեռավար ժողով պիտի կայացնեն

Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը, Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Հասան Ռոհանին չորեքշաբթի Աստանայի ձեւաչափով հեռավար համաժողով պիտի կայացնեն, որու ընթացքին Սուրիոյ հարցի կարգաւորման շուրջ քննարկում պիտի ունենան: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովին:

Ան նշած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի ժամով 14:00-ին (Երեւանի ժամով՝ 15:00): Երեք երկիրներու նախագահներու ելոյթները բաց պիտի ըլլան մամուլի համար:

Կը հաղորդուի, որ երկիրներու նախորդ, թիւով 5-րդ եռակողմ հանդիպումը կայացած էր 2019-ին, Անգարայի մէջ: