image

Թուրքիոյ հանդէպ նոր պատիժնե՞ր. Նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիան այդ մասին խօսած է

Թուրքիոյ հանդէպ նոր պատիժնե՞ր. Նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիան այդ մասին խօսած է

«Էրմէնիհապէր»  կայքէն կը կարդանք.

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիանը յայտարարած է, որ Եւրամիութիւնը կրնայ Թուրքիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ սահմանել։ 

Լը Տրիանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է․ «Մեր պահանջով 13 յուլիսին ԵՄ նախարարները ժողով պիտի գումարեն, որու օրակարգի միակ թեման Թուրքիոյ հարցը պիտի ըլլայ։ Այժմ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ նաւթի որոնման աշխատանքներ իրականացնելու համար Եւրամութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կը կիրառէ։ Ժողովի ժամանակ կրնայ օրակարգ բերուիլ նոր պատժամիջոցներու հարցը»,- ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը։

Նշենք, որ վերջին շրջանին 2 երկրներու յարաբերութիւնները լարուած են Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան մասին մէջ (Կիպրոսի ափերուն մօտ) իրականացուող հորատման աշխատանքներու, Լիպիոյ ու Սուրիոյ մէջ Անգարայի գործողութիւններու հետեւանքով։
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Լիպիական հակամարտութեան յանցաւոր է։