24 Նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ պիտի կայանայ Խաշըքճիի սպանութեան գործով նիստը: Գործով կայ 20 մեղադրեալ, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին՝ յղում ընելով Hurriyet-ին:
Թրքական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը կազմած է 117 էջանոց մեղադրական աքթ:
Խաշըքճին սպանուած էր 2018 թուականին Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան մէջ: Թրքական դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր Սէուտական Արաբիոյ 20 քաղաքացիներու նկատմամբ, այդ շարքին՝ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանի երկու նախկին օգնականներու նկատմամբ: Սէուտական Արաբիան մերժած է կասկածեալները արտայանձնելու մասին Թուրքիոյ պահանջը:
Թուրքիոյ պաշտօնական անձինք կը պնդեն, որ Խաշըքճիին սպանած են, ապա անդամահատած սղոցով: