image

«Քորոնա»ի Տագնապ. «Ամերիկան լուրջ վտանգի առջեւ է».Անթոնի Ֆաուչի

«Քորոնա»ի Տագնապ. «Ամերիկան լուրջ վտանգի առջեւ է».Անթոնի  Ֆաուչի

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարակիչ հիւանդութեանց գլխաւոր բժիշկ՝ Անթոնի Ֆաուչի,  յայտարարած է, որ իր երկիրը կը դիմակայէ լուրջ վտանգ, ի հետեւանք «Քորոնա» ժահրով  վարակակիրներու յաւելումին, ի մասնաւորի արեւմտեան եւ հարաւային նահանգներուն մէջ:

Ան մատնանշած է, որ թէեւ որոշ շրջաններու մէջ իրավիճակը աւելի լաւ է, բայց ի վերջոյ երկիրը ամբողջականութիւն  է եւ փոխկապուած, հետեւաբար «բոլորս լուրջ վտանգի առջեւ ենք» ըսած է ան, շեշտելով թէ այս կացութենէն դուրս ելլելու միակ ձեւը՝ համատեղ աշխատանքն է:

Փետրուարին,  Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է «Քովիտ 19»-ի առաջին պարագան, որմէ ետք դարձաւ ամէնաշատ վնասուած երկիրը, վարակի եւ մահուան պարագաներու առումով:

Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ՝ Մայք Փենս իր հերթին ըսած է, թէ 16 նահանգի մէջ տեղի կ'ունենայ վարակակիրներու աճ, իսկ մնացած 34 նահանգներուն մէջ վիճակը կայուն է: Առաջին անգամ ըլլալով, ան անդրադարձած է ամերիկեան ճիգերուն ըսելով, թէ կառավարութիւնը կեդրոնացած աշխատանք կը տանի հարաւային նահանգներուն  մէջ, ուր ակնյայտ թիւի բարձրացում կայ: Ան յորդորած է պահպանել ընկերային հեռաւորութեան կանոնները:

Իսկ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ Քընեթիքըթի  նահանգները, յայտարարած են, որ կիրառած են սահմանափակումներ եւ պիտի մեկուսացնեն  այն անձերը, որոնք կու գան այն նահանգներէն, ուր վարակակիրներու աճ կայ:  

 Իր  կարգին Թեքսասի նահանգապետ՝ Կրիկ Ապոթ զգուշացուցած է, «Եթէ յառաջիկայ շաբաթներուն, չկրցանք զսպել ժահրի տարածումը, ուրեմն վարակը, վերահսկողութենէ դուրս պիտի ելլէ»:

Ըստ «Ֆրանսբրէս» գործակալութեան,  անցեալ Դեկտեմբերին, Չինաստանի մէջ յայտնուելէն ի վեր, «Քորոնա»ն  խլած է աւելի քան 487274 մարդու կեանք, արձանագրուած է 9604040 պարագայ, որոնցմէ ապաքինուած է 4770300 մարդ:

Այս թիւերը այնքան ալ ճշգիրտ չեն, որովհետեւ երկիրներ կան, որոնք «Քովիտ»-ի հետազօտութիւնները կը կատարեն միայն անհրաժեշտ պարագաներուն, մինչդեռ ուրիշ երկիրներ կը կատարեն զանոնք նոյնիսկ հաղորդակիցներուն, եւ կան նաեւ աղքատ երկիրներ, որոնք ընդհանրապէս այդ հնարաւորութիւնը չունին: