image

Վերջին ժամ. Իսրայէլեան հարուածներ Դամասկոսի ուղղութեամբ

Վերջին  ժամ. Իսրայէլեան հարուածներ Դամասկոսի  ուղղութեամբ

 Իսրայէլեան   օդուժը  հարուածներ տուած է Սուրիոյ մայրաքաղաք  Դամասկոսի արեւմտեան  հատուածի գիւղական շրջաններուն։

 

 Այս մասին լուրը կը հաղորդէ   սուրիական «Ալ ըխպարիյա»    կայանը։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիոյ օդային  պաշտպանութեան համակարգերը   դէմ դրած են   Իսրայէլեան  օդուժի հարուածներուն։

 Նոյն աղբիւրը  նաեւ հաւաստիացուցած է, որ եղած  հարուածները պատճառած են նիւթական  վնասներ։

 

 

 Իր  կարգին իսրայէլեան «Հաարէթց»  պարբերականի  կայքը հաղորդած է, որ իսրայէլեան    օդուժը հարուածած է Սուրիոյ   բանակի կարեւոր կեդրոններ    Կոլանի  բարձունքներուն մօտ գտնուող  «Ալ Քընայթրա»   շրջանին մէջ։

 

 Դամասկոսի մէջ   իրավիճակը  այս պահուն խաղաղ եւ կայուն է։