Ըստ «Ալ Արապիյա» կայանին 300 հազար լիբանանցիներ յայտնուած են անպաստպար վիճակի մը մէջ։
Աղբիւրը, որ նաեւ կը նշէ, թէ իր տուեալները վերջնական չեն, կը նախատեսէ, որ Լիբանանի մէջ այսօր առկայ տնտեսական իրավիճակը աւելիով բարդանայ։
Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանը ցնցած մեծ պայթումին հետեւանքով երկրին հասցուած վնասները կը գնահատուին 6 միլիառ ամն տոլարով ու նաեւ կը տրուիn 67 միլիառ ամն տոլարի թիւ մը, որուն առկայութեամբ միայն Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը պիտի կարողանայ «շունչ մը քաշել» եւ դուրս գալ այսօրուան բարդ դրութենէն։
Յիշեցնենք, որ վերջին վեց ամիսներուն, երկրին մէջ ստեղծուած բողոքի ալիքին զուգահեռ Լիբանանի բոլոր դրամատուները յայտնուեցան բարդ վիճակներու մէջ, իսկ այն լիբանանցիները, որոնք մեծագումար աւանդներ թողած էին դրամատուներուն մէջ զրկուեցան ու դեռ ալ կը սպասեն իրենց դրամագլուխներու «ազատ արձակման»։