image

Պէյրութի պայթում. «Խորհրդաւոր» բեռ... եւ կարեւոր տուեալներ անյայտ պատճառներով Լիբանան հասած Rhosus նաւուն մասին

Պէյրութի  պայթում. «Խորհրդաւոր»  բեռ... եւ կարեւոր   տուեալներ    անյայտ  պատճառներով   Լիբանան հասած Rhosus նաւուն մասին

Լիբանանեան     ԶԼՄ-ներ   անդրադառնալով 4 Օգոստոսին  Պէյրութի  աղէտալի պայթումին    նշած են- որ  պայթումի   հիմնական  պատճառը նաւահանգիստի  թիւ 12  պահեստանոցին  մէջ, վեց տարիէ ի վեր մթերուած  եւ 2750 թոն կշռող  «ամոնիոմ նայթրէյթ»ն էր։

Ըստ նաւաստիներու օգնութեան բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Սվեթլանա Ֆապրիքանթին   այդ  թունաւոր եւ  պայթուցիկ նիւթը  Պէյրութ հասած էր  «Rhosus» նաւուն ճամբով,  որ կը  պատկանի ռուս գործարար Իկոր Կրեչուշկինին։ Ինչ  կը վերաբերի      նաւապետին  ան  նոյնպէս եղած է Ռուսաստանի քաղաքացի,  իսկ անձնակազմի մնացեալ անդամները եղած են 7 ուքրանացիներ։

 Ֆապրիքանթին   նաեւ  ըսած է, որ «Rhosus նաւը, բեռնաւորուած էր  «ամոնիոմ նայթրէյթ»ով,  եւ լքած  Վրաստանի Պաթումի նաւահանգիստը 2013-ին, ուղղուելով դէպի Մոզամպիք:»

 

Լիբանանեան իշխանութիւնները ազատ արձակած են նաւու անձանկազմէն քանի մը հոգի, բայց նաւապետը մնացած է նաւուն վրայ մօտաւորապէս 11 ամիս:

 

Ֆապրիքանթը վկայակոչելով ուքրանական թերթ մը, ըսած է թէ «Անձնակազմը նաւուն վրայ ապրած է առանց սնունդի, առանց աջակցութեան եւ շատ  ծանր պայմաններու մէջ, նաեւ հսկած է բեռը: Իսկ պատուիրատուն մերժած է այլ նաւ տրամադրելէ:»

 

Աւելի ուշ միայն, անձնակազմի անդամները  ստանալով իրենց  փաստաթուղթերը, կրցած  են վերադառնալ  տուն: Իսկ բեռը մնացած է, որպէս երաշխիք: Հարկ է նշել, որ նաւը երկու տարի առաջ արդէն սուզուած է:

 

Յիշեալ նաւուն տիրոջ՝ ռուս Իկոր Կրեչուշկինին նկարը հրապարակած է «Ռան թի վի» ռուսական կայանը, յայտնելով թէ ան Ռուսաստանի Խապարովսք շրջանէն է:

 

Մանաւանդ որ լրատուական միջոցները նշած են թէ նաւը կը նաւարկէր Մոլտավիոյ դրօշի ներքոյ, բայց Մոլտավիոյ կառավարութիւնը հերքած է  նաւուն   մասին բոլոր լուրերը։ «Այս տեղեկութիւնները անբաւարար են եւ «Rhosus» նաւը երկար ատենէ ի վեր, մեր դրօշի ներքոյ չէր նաւարկեր», «Սփութնիք Մոլտովա»յի փոխանցումով՝ այս մասին ըսած է  Մոլտավիոյ ջրային փոխադրամիջոցներու գործակալութեան նախագահ՝ Իկոր Զախարիա, աւելցնելով թէ «Անկախ ինչ դրօշի ներքոյ, կամ ինչ բարդութիւններ տեղի ունեցած են, կամ սխալ կերպով բեռը ամբարուած է. այսպիսի պայթումի մը պատասխանատուութիւնը պայման չէ որ նաւը կրէ»:

 

 

  «Ալ  Արապիյա»  այս բոլոր  տուեալները հաղորդելէ ետք, նոյնպէս   կը  նշէ, որ  պայթումը ամէնէն հզօրն է Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ֆրանս Փրէսի հաղորդումով՝ Պէյրութի նահանգապետ՝ Մարուան Ապուտ յայտարարած է, թէ «Պէյրութ իր ողջ պատմութեան մէջ  այսպիսի աղիտալի վիճակ երբեք չէ տեսած: 250-300 հազար մարդ անօթեւան է»: Նահանգապետը աւելցուցած է, թէ նիւթական վնասները կը գնահատուին մօտաւորապէս 3-5 միլիառ տոլարով: