image

Հրատապ. Հայ նախարարուհին կառավարութեան հրաժարականը պիտի պահանջէ

Հրատապ. Հայ նախարարուհին  կառավարութեան  հրաժարականը պիտի պահանջէ

Հասան Տիապի կառավարութեան անդամ Վարդինէ Օհանեան յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կառավարութեան հրաժարականը պահանջած է։

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Lebanon Debate կայքը նշելով նաեւ, որ Օհանեան յայտարարութեան մէջ նշած է, որ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին պիտի պահանջէ վարչապետ Տիապի եւ ամբողջ կառավարութեան հրաժարականը։

 

Նշենք, որ Օհանեան Տիապի կառավարութեան միակ հայ անդամն է, եւ ան ստանձնած է «Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու» նախարարութիւնը։