image

Իտալացի յայտնի Կարդինալը զոհ ՝ մեծ սքանտալի

Իտալացի   յայտնի  Կարդինալը զոհ ՝ մեծ սքանտալի

Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս ընդունած է Իտալացի Կարդինալ Ճիովանի Անժելօ Պեչէոյի հրաժարականը:Կարդինալը  կը  զբաղեցնէր «Սրբադասման  յանձնաժողովի»   բաժնի գլխաւոր  վարիչի պաշտօնը:

 

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն։

Ըստ Վատիկանի յայտարարութեան, Պեչէօն հրաժարած է նաեւ իր Կարդինալի իրաւունքներէն, այսինքն գաղտնի ժողովներուն  ընթացքին  քուէարկելու իրաւունքէն, որ Կարդինալի մը հիմնական իրաւունքն ու առանձնաշնորհումն է:  

Վատիկանը չէ բացայայտած հրաժարականը ընդունուելու պատճառները, բայց մեծ հաւանականութեամբ, ան կապ ունի վերջերս ի յայտ եկած այն գործին հետ, թէ  ան  ներգրաւուած է Լոնտոնի փողոցներէն մէկուն՝ Սլոնի վրայ գտնուող կալուածներու վաճառքի գործարքին մէջ: Աղբիւրը նշած է թէ այս գործի առընչութեամբ դատական հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է տակաւին: 

 

 

Վատիկանեան   աղբիւրներ  կը  նշեն,  որ Կարդինալ Ճիովանի   մինչեւ իր հրաժարիլը կը համարուէր    Կաթոլիկ  աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կրօնաւորներէն մին։