image

Երեւանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը. «Կը դատապարտենք Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումը»

Երեւանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը. «Կը դատապարտենք Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումը»

Երեւանի մէջ Սուրիոյ Դեսպան՝ Մուհամէտ Հաժ Իպրահիմը, Երեքշաբթի օր սուրիական առցանց «Ալ Ուաթան» կայքին հաստատեց՝ Սուրիոյ դատապարտութիւնը հայկական հողերուն նկատմամբ որեւէ յարձակումի, յստակեցնելով, թէ ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի խնդրին, Սուրիան միշտ կողմնակից է խաղաղ լուծումին, որ նշուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՄԻՆՍԿի խմբակին բանակցային գործընթացին՝ խնդիրը խաղաղ կերպով լուծելու համար:

Հաժ Իպրահիմը նշեց նաեւ, թէ այսօր ատրպէյճանեան զօրքերը շփման գիծին վրայ ոտնձգութիւններ կատարած են, ըստ հայկական կառավարութեան, ըստ որում,  Երեւանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեանը հաստատած է, որ Հայկական Բանակը ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ է, եւ արժան է յիշատակել, թէ թրքական ԷՖ 16 տիպի ռազմական օդանաւեր նշմարուած են, որոնք ազերի բանակին կ'օժանդակեն, ինչպէս նաեւ թրքական հրետանի ալ առկայ է եւ անսահման լոժիսթիք օժանդակութիւն:

Հաժ Իպրահիմը անդրադարձած է  նաեւ, թէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը հաստատած է այն տեղեկատութիւնը, ըստ որում, ազերի բանակին օգնելու նպատակով, սուրիացի վարձկաններ տեղափոխուած են Սուրիոյ հիւսիսի այն վայրերէն, ուր Թուրքիան իր տիրապետութիւնը հաստատած է: Ան նշած է նաեւ, թէ մինչեւ հիմա 81 վարձկաններ սպաննուած են, ըստ Հայկական Բանակի յայտարարութիւններուն: Ան յայտնած է նաեւ, թէ ըստ տուեալներուն, Թուրքիան Սուրիայէն Ազրպէյճան շուրջ չորս հազար վարձկան ահաբեկիչ փոխադրած է:

Երեւանի մէջ Սուրիոյ Դեսպանը նշած է նաեւ, որ յառաջիկայ զարգացումները կրնան տարբեր ըլլալ, նկատի ունենալով Հայաստանի նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւններուն, որովհետեւ ըստ ՀԱՊԿ.ի համաձայնութեան, որ իր մէջ կը ներառնէ Հայաստանը, Պելառուսը, Ռուսիան եւ Խորհրդային Իշխանութենէն յառաջ եկած երկիրները, պետութիւնները իրաւունք ունին օժանդակելու իրարու, եթէ իրենցմէ որեւէ մէկուն վրայ յարձակում կատարուի: Հետեւեաբար, անհրաժեշտութեան պարագային տարածաշրջանային եւ ռուսական միջամտութիւնը կրնան տարբեր ըլլան:

Հաժ Իպրահիմը հաստատեց նաեւ, թէ զինուորական մնայուն զարգացում կայ, որուն Թուրքիան կ'աջակցի, փորձելով անկայունութիւն ստեղծել տարածաշրջանէն ներս, ըլլայ Կովկասի, եւ ըլլայ Սուրիայի, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

Դեսպանը նշեց նաեւ, որ սուրիական համայնքը ապահով է եւ Դեսպանատունը հետաքրքրուած է անոնցմով, եւ մնայուն կապի մէջ է անոնց հետ, եւ Ղարաբաղի մէջ ապրող սուրիացիներ չկան: Ան ըսած է նաեւ. «Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերուն, անոնք եւս ապահով են, եւ կը հետեւինք անոնց վիճակին անսալով Ազգային Ժողովի փոխ-խօսնակի եւ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Ուալիտ Մուալէմին»: