image
Հրատապ լուրեր:

Իրան հարուածած է Ատրպէյճանի դիրքերը

Իրան հարուածած է  Ատրպէյճանի դիրքերը

Իրանը հրետանային հարուածներ հասցուցած է Ատրպէյճանի դիրքերուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու Քամիքաձէ անօդաչու թռչող սարքը իր օդային տարածքը մտնելէն ետք, կը յայտնէ Discover24.ru-ն:

Նշուած է, որ ատրպէյճանցիները սխալմամբ կամ նպատակաուղղուած անօդաչու թռչող սարք արձակած են դէպի Իրանի կողմ, որ պէտք է իյնար խոշոր բնակավայր: Հնարաւոր է, որ Պաքուն կը ծրագրէր հետագային ամբողջ մեղքը ձգել Երեւանի վրայ:

Սակայն Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կարողացած են արագօրէն խոցել անօդաչու թռչող սարքը եւ որոշած անոր արձակման վայրը:

Անկէ ետք Իրանի զինուած ուժերը հրետանային հարուածներ հասցուցած են Ատրպէյճանի դիրքերուն: Կողմերէն ոչ մէկը պաշտօնապէս հաստատած է այս տեղեկութիւնը, բայց ընկերային ցանցերու որոշ աղբիւրներ նշած են, որ կրակի տակ առնուած է առնուազն երկու ատրպէյճանական ռազմական խմբաւորում։