image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան գաղտնի սպասարկութիւնը կարեւոր տեղեկութիւններ ունի Ֆախրիզատէն սպաննողներուն մասին

Իրանեան գաղտնի սպասարկութիւնը կարեւոր տեղեկութիւններ ունի Ֆախրիզատէն սպաննողներուն մասին

Յայտնի դարձած են միջուկային գիտնական, Իրանի միջուկային ծրագրի գլխաւոր մասնագէտ Մուհսէն Ֆախրիզատէի սպանութեան մանրակրկիտ գործողութեան մանրամասները: Իրանի ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ սպանութեան ետին կանգնած է Իսրայէլը: Այս մասին գրած է Daily Mail պարբերականը` յղում տալով իրանցի լրագրող Մուհամատ Ահուազէի տուեալներուն: Վերջինս կը վստահեցնէ, որ այդ տուեալները ստացած է իսլամական հանրապետութեան իշխանութիւններէն:

Ֆախրիզատէն, որուն կ'անուանեն Իրանի միջուկային ռումբի ծրագրի «հայր», գնդակահարուած է ուրբաթ օր՝ 27 նոյեմբերին: Գործողութեան վերջին փուլին ներգրաւուած եղած է 12 գործակալ, որոնց Ահուազէն կ'անուանէ «բարձր որակաւորում ունեցող մարդասպաններ»: Զինեալները, որոնց շարքերուն մէջ 2 դիպուկահար կար,  կը կազմէին 62 հոգինոց դաւադիր խումբի մէկ մասը: Իրանցի լրագրողը նշած է, որ մնացած 50 հոգին պատասխանատու էին սարքերու ապահովման համար:

Ֆախրիզատէի մեքենային վրայ յարձակումը տեղի ունեցած է Թեհրանէն 80 քմ հիւսիս-արեւելք գտնուող Ապսարտ քաղաքի մօտակայքը: Յարձակումը ծրագրուած եղած է օղակաձեւ ճանապարհի մօտակայքը՝ քաղաք տանող խիտ անտառածածկ փողիցի ներքեւի հատուածին մէջ:

«Հաշուեյարդար խումբը» երկար ժամանակ ուսումնասիրած էր միջուկայինի գիտնականի աշխատանքային ժամերը, անոր շարժման ուղիները եւ գիտցած էր, որ ան ուրբաթ օրը կը պատրաստուի Թեհրանէն Ապսարտ երթալ: Մօտ 10 000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ շատ հարուստ թեհրանցիներ երկրորդ տուն ձեռք բերած են, եւ 59-ամեայ Ֆախրիզատէն (այլ աղբիւրներու համաձայն, ան 62 տարեկան էր), այնտեղ առանձնատուն ունէր:

Դարանակալման վայրին մէջ անոր կը սպասէր Hyundai Santa Fe մեքենան՝ 4 ուղեւորով, 4 շարժակաւոր հեծելանիւով եւ երկու դիպուկահարով՝ ականապատուած Nissan փիքափի հետ միասին: Ուղեկցորդներով եկող Ֆախրիզատէի մեքենայի ժամանումէն կէս ժամ առաջ`(գիտնականին կ'ուղեկցէր ընդամէնը 3 փամփուշտազերծ մեքենայ) տարածքին մէջ ելեկտրականութիւնն անջատուած է: Ֆախրիզատէի մեքենան շարասիւնի կեդրոնն էր: Երբ անոր ուղեկցող երրորդ մեքենան անցած է «հաշուեյարդար խուբիի» կողմէ կանխորոշուած կէտը, ճանապարհին կանգնած Nissan-ը պայթած է:

Պայթումի ուժը այնքան զգալի եղած է, որ ճանապարհի ելեկտրական սիւները վնասուած էին, եւ անցնող մեքենաներու բեկորները ցրուած են շուրջ 300 մեթր տարածութեամբ:

Երկրորդ մեքենան, որուն մէջ կը գտնուէր Ֆախրիզատէն, այնուհետեւ գնդակահարուած է 12 յատուկ գործակալի, այդ շարքին՝ երկու դիպուկահարի կողմէ: Կատաղի փոխհրաձգութիւն սկսած է գիտնականի թիկնապահներու ու յարձակողներու միջեւ:

«Մարդասպաններու խումբի հրամանատարը Ֆախրիզատէին դուրս հանած է իր մեքենայէն, գնդակահարած է եւ համոզուած, որ ան սպանուած է»,-կը պնդէ Ահուազէն՝ աւելցնելով, որ յանցագործները անհետացած են դէպքի վայրէն՝ առանց կորուստներ ունենալու:

Մուհսէն Ֆախրիզատէն ոստիկանական ուղղաթիռի միջոցով տեղափոխուած է մօտակայ հիւանդանոց: Ըստ պաշտօնական վարկածի՝ ան ստացած վիրաւորումներէն մահացած է ոչ թէ յարձակման վայրին մէջ, այլ բժշկական հաստատութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ 27 նոյեմբերին Իրանի մէջ սպանուած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան առընթեր հետազօտութիւններու եւ նորարարութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար, միջուկային ֆիզիկոս Մուհսէն Ֆախրիզատէն։