image

Նախագահ Ասատ. Պիտի վերականգնենք Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը

Նախագահ Ասատ. Պիտի  վերականգնենք  Սուրիոյ  ինքնիշխանութիւնը

Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշար Ասատ, խօսելով անկախութեան 75-րդ տարեդարձի՝ ֆրանսական եւ բրիտանական գաղութարար զօրքերու տարհանման օրուայ կապակցութեամբ, յայտարարած է երկրի ամբողջ տարածքով ազգային ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու վճռական մտադրութեան մասին, գրած է ԹԱՍՍ-ը:

Ասատի խօսքով՝ իսկական անկախութիւնը մեզի համար կու գայ, երբ բոլոր օտար երկիրներու զօրքերը դուրս կ'ելլեն Սուրիայէն եւ ինքնիշխանութիւնը կը վերականգնուի ամբողջ երկրի տարածքով: Սուրիոյ առաջնորդը այցելած է տարածք, ուր տեղակայուած է զօրամասերէն մէկը եւ զրուցած է զինուորներուն ու սպաներուն հետ:

Իր հերթին, պաշտօնաթող զօրավար եւ ռազմական փորձագէտ՝ Սաիտ Ահմատ մատնանշած է սուրիացի զինուորներուն սխրանքը, որոնք կը պայքարին Սուրիոյ վրայ յարձակած ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ: «Երիտասարդ սերունդը կը ցուցաբերէ կայունութիւն եւ բարոյական բարձր յատկանիշներ՝ պաշտպանելով Սուրիոյ տարածքային միասնութիւնը»,- ընդգծած է Ահմատ: