image

Մեր ազատագրական պայքարը կրնար տարբեր ելքեր ունենալ, եթէ ... Արմենակ Եղիայեան

Մեր  ազատագրական  պայքարը  կրնար  տարբեր ելքեր ունենալ, եթէ ... Արմենակ  Եղիայեան

***ա. յոբելԻնական, թէ՞ յոբելԵնական

---«Նոր հայկազեան»-ը չունի ոչ մէկը, ոչ միւսը. ուրեմն մեր ողջ մատենագրութեան մէջ չէ կիրարկուած այս ածականը:

    Այս հարցը իր այժմէութիւնը ստացաւ շնորհիւ Բենիամին Թաշեանի: Ինք կողմնակից էր  յոբելԵնական-ին:  Մինչ այդ  հաւանաբար ազատօրէն  կը կիրակուէր,–  նաեւ,–  յոբելԻնական-ը:

    Արեւելահայերը երկուքէն ալ հրաժարած են եւ կը գրեն յոբելեանական:

    Վէճ մըն է  այս,  որ հաւանաբար  անիմաստ  է   քաշքշել, եւ կը թելադրեմ, որ նախընտրենք յոբելԵնականը, որ հնչիւնափոխական Եա>Ե ծանօթ օրէնքին հետեւելու առաւելութիւնը ունի, ինչպէս  ատեան-ատեն, ցորեան-ցորեն եւ այլն:

 

***բ. Սա կանանոցը ետ տալու կեցուածքը մանկութենէս տագնապեցուցած է զիս եւ կը շարունակէ  տագնապեցնել, որովհետեւ ինչպէս որ մանկավարժական կանոններուն մէջ ըսուած է՝ «մի՛ պատժէք մանուկը ծեծով կամ այլ միջոցներով, այլ զրկեցէ՛ք զինք իր սիրածներէն»,– նոյնպէս ալ պէտք չէ՞ր Շապուհը զրկել իր ամենէն «սրբազան» կանանոցէն: Ինչո՞ւ էր Մուշեղի  ազնւութիւնը, որ, կը կարծեմ, ոչ մէկ արդիւնք   ունեցաւ Շապուհին կամ անոր յաջորդներուն համար. կենացը խմեր է եղեր ... թող կենաց չխմէ՜ր, բայց հայկական բանակին հաշիւը ընէր...

---Հաւանաբար կարելի էր, առնուազն,  պահանջել Շապուհէն՝ ազատ արձակել Արշակը՝ կանանոցի փոխարէն: Այսքանը  Մուշեղ կրնար ընել, եթէ Արշակ տակաւին ողջ էր...

     Իսկ իմ միտքս դառնօրէն չարչարուած է ուրիշ հարցով մը՝ նոյն ծիրէն ներս: Շապուհ      Դրաստամատին առաջարկեց  պահանջել ի՛նչ որ կ’ուզէր՝  անոր քաջագործութեան փոխարէն, եւ Դրաստամատ գոհացաւ  միայն մէկ այցելութիւն տալով Արշակին՝ փոխանակ պահանջելու անոր ամբողջական ազատ արձակումը: Սակայն չըրաւ, փախցուց այդ ոսկի առիթը՝ պատճառ ալ դառնալով արքայի մահուան:

 

                                                                    *      *

                                                                        *

         Հայը իր  պայքարին մէջ՝ իր շրջապատին հանդէպ,– եւ այս՝ շատ խոր պատմական դարերէն սկսեալ,– հետամուտ եղած է  արժանապատիւ վարուելու թշնամիին հանդէպ՝ պատուախնդիր մնալով իր սեփական վարկին ու բարոյական սկզբունքներուն: Ատոր լաւագոյն օրինակներէն մէկն է Մուշեղի վերաբերումը Շապուհի կանանոցին հանդէպ:

         Լսած եմ, կարդացած եմ, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, յատկապէս հայ-թուրք պայքարի ընթացքին,  մերոնք շարունակած են պատուախնդիր մնալ:

         Մինչ թուրքը առանց խտրութեան կոտորած է ծերն ու երիտասարդը, կինն ու տղամարը, լաւագոյն պարագային իր հարեմին ծառայեցնելով  իր հաւնած կիներն ու աղջիկները, մերոնք  հպարտօրէն երգած են՝ սարսափահար թուրք կնկան ի լուր.

         – Մի՛ վախենար, բաջի՛ ջան,

         կանանց երբեք ձեռք չի տայ հայ ֆիդան...

         Եւ մերոնց այս սկզբունքէն քաջալերուած՝ թուրքը ազատօրէն յարձակած է, կողոպտած է, բռնաբարած է, առեւանգած է՝ միտքը հանգիստ, թէ իր կնոջ ու աղջկան, մանուկներուն, այլեւ ինչքին  ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:

         Կ’ըսուի, թէ այս տեսակէտէ շատ խիստ էր Անդրանիկը, որ մինչեւ անգամ հայ  զինուոր գնդակահարած է, ինչ-որ  «մոլորութիւն» ցուցաբերած ըլլալուն համար թրքուհիի կամ քրտուհիի հանդէպ: Ասկէ աւելի մեծ յիմարութիւն կարելի՞ է պատկերացնել: Իսկ  ինք քանի-քանի անգամ իր քառորդ  տարիքը ունեցող աղջիկներ դարպասեց,  մինչեւ որ ամուսնացաւ ալ անոնցմէ մէկուն հետ, որուն մեծ հօրը տարիքը ունէր:

         Մեր ազատագրական պայքարը կրնար տարբեր ելքեր ունենալ, եթէ  թշնամին  դիմագրաւէր հայ մարտիկները՝ իր սրտին մէջ ունենալով   իր կինն ու աղջիկը կորսնցնելու, զաւակներ սրախողխող ընելու, թոնիրներու մէջ այրելու (ինչպէս իրենք ըրած են) սարսափը: Բենիամին Ժամկոչեան իր յուշերուն մէջ քանի մը անգամ կ’անդրադառնայ թուրքի մը, որ Խարբերդի մէջ ստիպած է հայ մայր մը՝ տապակին մէջ տապկելու իր նորածինը եւ անոր միսէն ուտելու: Այս մտապատկերները իր մէջ կրող հայ մարտիկը ինչի՞ կրնար նմանիլ...

         Իսկ իրենք՝ թուրքերը,  ճակատ գացած են՝ դաշտագնացութեան գացողի  տօնական խենէշ տրամադրութեամբ, միտքերնին հանգիստ,  եւ միշտ նոր կողոպուտ, նոր աւար, նոր ոճիր, նոր առեւանգում,  բռնաբարում ու պղծութիւն  աւելցնելու համար իրենց դափնեպսակին   վրայ:

         Այսպիսի անհաւասար պայքարի մէջ ինչպէ՞ս կարելի էր ... յաղթական դուրս գալ: Իսկ թշնամիին յաղթելու համար չի բաւեր ունենալ անոր մի՛այն նիւթական զէնքերը, այլ պէտք է ունենանալ նաեւ  անոր «բարոյական» զէնքերը:

         Կը թուի, թէ որոշ չափով արցախցիք ընդօրինակած են թշնամիին կարգ մը հնարքներն ու ունակութիւնները եւ գիտեն, ի պահանջել հարկին, փոխադարձել. Խոջալուն ատոր լաւագոյն օրինակն է, բայց նաեւ այն յաղթանակները, որ անոնք տարին իրենցմէ  աւելի լաւ զինուած ու թուական գերազանցութիւն ունեցող ազերիին  դէմ: Աչքը վախցած թշնամին՝ արդէն կիսովին պարտուած է ռազմադաշտ չհասած:  Եւ ի զուր չէ, որ այսօր Ալիեւը ոչ մէկ քայլ կը համարձակի առնել, որովհետեւ...ան արդէն կիսովին պարտուած է, եւ գիտէ, որ  նոր պարտութիւններ կը սպասեն իրեն:

         Եւ վերջապէս լաւագոյն փաստը ափ մը հրեայ ժողովուրդն է, որ իր ողջ պատմութեան ընթացքին գործած է «ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» սկզբունքով:

 

 

 Արմենակ  Եղիայեան