image

Պաղտատցի Սերոբի յիշատակին

Պաղտատցի Սերոբի յիշատակին

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, յանկարծ ակումբ կը մտնէ յաղթանդամ երիտասարդ մը, որ հազիւ կրցած էր խոյս տալ արեւմտեան շրջանէն դէպի Պուրճ Համուտ:

Ընկեր Սերոբը Պաղտատէն եկած` առանձին երիտասարդ մըն էր: Հարազատ չունէր Լիբանանի մէջ: Սարդարապատ ակումբը եղաւ իր տունը, իսկ ընկերները` իր հարազատները: Ան շատ արագ կրցաւ ընտելանալ մեր ակումբի մթնոլորտին ու դաշնակցական ոգիով ստանձնեց պարտականութիւններ եւ խիզախօրէն մասնակցեցաւ ինքնապաշտպանութեան գործին: Ժողովուրդի առօրեային մէջ դարձաւ Պաղտատցի Սերոբ:

Աւելի ուշ մուտք գործեց ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: Սարդարապատ կոմիտէութեան մաս կազմելով` եղաւ հաւատարիմ ու պարտաճանաչ ընկեր, գործակցելով կոմիտէի բոլոր կազմերուն եւ պատասխանատուներուն հետ` իր ներկայութիւնը փաստելով կազմակերպական ու ժողովական կեանքին մէջ, մանաւանդ` իր ծամծմուող հայերէնով. միշտ սխալները մատնանշելով եւ աւելի՛ն պահանջելով կոմիտէութենէն:

Մեր սիրելի ընկեր Սերոբը աշխատեցաւ միշտ շրջանը պահել հայ եւ դէմ դնել յոռի երեւոյթներուն ու մնաց Սարդարապատի անկեղծ զինուորը մինչեւ վերջ: Պէտք է յիշել նաեւ, որ ան տագնապեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն եւ ուրախացաւ իւրաքանչիւր լաւ լուրը լսելով. մինչեւ իսկ կ՛ըսէր, որ ինք պատրաստ է սահման երթալ եւ զոհուիլ հայրենի հողին վրայ` մեր ժողովուրդը պաշտպանելով:

Ընկե՛ր Սերոբ, ճիշդ է, որ չզոհուեցար այդ ճամբուն վրայ, բայց դուն մնացիր դաշնակցականը` զոհելով ամէն բան եւ անխտիր աշխատելով բոլոր պայմաններու մէջ:

Այսօր հրաժեշտի այս պահուն քեզի կ՛ըսենք երթաս բարով` միանալու Սարդարապատի բոլոր ընկերներուն այն մեծ փաղանգին, որոնց հետ գործակցեցար տարիներ շարունակ:

Պիտի մնաս մեր սրտերուն մէջ, դաշնակցակա՛ն ընկեր Սերոբ, իսկ մեր ժողովուրդին եւ համակիրներուն համար` Պաղտատցի Սերոբ:

Վա՛րձքդ կատար, ընկե՛ր:

Խունկ ու մոմ շիրիմիդ:

 

ՀՅԴ Պուրճ Համուտ  շրջանի «Սարդարապատ» Կոմիտէ

«Ազդակ»