image
Հրատապ լուրեր:

ԿՀՎ-ի (CIA) գաղտնազերծուած յոյժ գաղտնի զեկոյցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին

ԿՀՎ-ի (CIA) գաղտնազերծուած յոյժ գաղտնի զեկոյցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին

Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (CIA) 48 էջնոց յոյժ գաղտնի զեկոյցը, որ պատրաստուած է Օգոստոս 1988ին եւ որոշ ջնջումներով բացայայտուած է 2012ին, կը կրէ՝ «Անկարգութիւններ Կովկասի մէջ եւ ազգայնականութեան մարտահրաւէրը» խորագիրը: Հակառակ վաղեմութեան՝ զեկոյցը կը ներառէ հետաքրքրական վերլուծութիւն Արցախեան հակամարտութեան մասին, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւններու տեսանկիւնէն:

ԿՀՎի վերլուծաբանը այս զեկոյցի նախաբանին մէջ ընթացած է Արցախեան հակամարտութեան ակունքներու հետքերով․ «Հայկական եւ ատրպէյճանական հակամարտող կողմերու միջեւ թշնամութիւնը գոյութիւն ունեցած է հարիւրաւոր տարիներ, իսկ 1920ական թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղը՝ Հայաստանի մշակութային եւ կրօնական կեդրոնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ենթարկելէ ետք, այդ թշնամանքը եղած է հայերու հիասթափութեան եւ մտահոգութեան մնայուն, թէեւ երկար ժամանակ թաքուն պահուած աղբիւր: Հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցիներու թշնամանքը ուժեղացած է քաղաքական, տնտեսական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած, որոնք բացասաբար անդրադարձած են ատրպէյճանցիներու քաղաքական կարգավիճակին վրայ եւ ընդլայնած են Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կենսամակարդակներու ճեղքուածքը: Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի արագ աճող երիտասարդ չափահաս բնակչութիւնը մեծ ճնշում գործադրած է Հանրապետութեան կարողութիւնններուն վրայ՝ համապատասխան աշխատատեղեր, բնակարաններ եւ կրթութիւն ապահովելու համար։ Ատրպէյճանական հիասթափութիւնը ելք գտած է հայերու վրայ յարձակումներու մէջ»։

ԿՀՎի անանուն վերլուծաբանը հաղորդած է, որ Քաղաքական բիւրոյի ներսը Արցախեան ճգնաժամը կարգաւորելու գծով գոյութիւն ունեցող պառակտումը աւելի սրեց իրավիճակը։ Երկրորդ քարտուղար Լիկաչով եւ ՊԱԿ-ի (ՔԿՊ) նախագահ Ճեպրիքով կոշտ գիծի կողմնակիցներ էին, որոնք կտրականապէս դէմ էին Ատրպէյճանէն Արցախի անջատման։ Անոնք համաձայն չէին Կորպաչովի բարեփոխումներուն եւ արտաքին տէրութիւնները կը մեղադրէին Խորհրդային Միութեան ներսը անկարգութիւններ հրահրելու մէջ:

Երբ երկու նշանաւոր հայ գրողներ՝ Սիլվա Կապուտիկեան եւ Զորի Բալայեան, 1988 Փետրուարին Մոսկուայի մէջ տեսակցեցան Կորպաչովի հետ, անոնք հաղորդեցին, որ ան լաւ տեղեկացուած է եւ վստահեցուցած է, որ ինք «արդար լուծում» կը փափաքի: Ան ընդունած է «[հայկական] ցոյցերու խաղաղ բնոյթը եւ շեշտած իր անձնական համակրանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու փափաքին․․․»։  

Հայ պատուիրակներու Երեւան դարձէն ետք, 27 Փետրուար 1988ին, ձայնասփիւռի հաղորդման մը ընթացքին Կապուտիկեան կոչ ըրաւ հայերուն՝ վստահիլ Կորպաչովին։ «Ան գիտէ եւ կը հասկնայ մեր խնդիրը եւ կը փափաքի անձամբ լուծել զայն: ... Մենք պէտք է կարելի ամէն բան ընենք, որ վնաս չհասնի անոր», յայտարարեց Կապուտիկեան։

Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Միութեան մտահոգութիւններուն՝ արտասահմանցիներու, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերու միջամտութեան Խորհրդային Միութեան ներքին անկարգութիւններուն, ԿՀՎի վերլուծաբանը հաղորդեց․ «Վերջին անկարգութիւնները կարծես թէ ստիպած են խորհրդային պաշտօնեաները՝ աւելի շատ վախնալու օտարերկրեայ խաղացողներու դերակատարումէն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ։ Այսօր, աշխարհի վրայ հայերէնով խօսող 5․5 միլիոն մարդոց մօտաւորապէս 60 տոկոսը կ՛ապրի Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն դուրս, ԽՍՀՄի մէջ՝ մօտաւորապէս 1․4 միլիոն, իսկ երկրէն դուրս՝ 2 միլիոն: Մինչեւ այսօր, հայ արտագաղթողները աւելի շատ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ իրենց ազգի պատմական կեղեքիչը, քան Ռուսիան, եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած չեն խորհրդային համակարգը փոխելու կամ խորհրդային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու գործին մէջ։ Մոսկուան անհանգստացած է, որ Սփիւռքի վերաբերումը կրնայ խիստ քննադատական ըլլալ ԽՍՀՄի նկատմամբ եւ, որ Միացեալ Նահանգներու հայերը, մասնաւորապէս, կրնան վերածուիլ հակախորհրդային ճնշումի հզօր խումբի մը։ Խորհրդային իշխանութիւնները կը զգուշանան հայերու մեծ համակեդրոնացումէն, Քալիֆորնիա եւ Նիւ Եորք՝ մեծ թիւով ընտրական ձայներ ունեցող նահանգներու մէջ, որոնք աշխուժօրէն վիճարկուած են նախորդ նախագահական ընտրութիւններու մէջ»:

Նախորդ պարբերութեան տողատակի ծանօթագրութեան մէջ ԿՀՎի վերլուծաբանը նշած է, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի առնուազն 600 հազար հայ։ Խորհրդային Հայաստանէն արտագաղթած հայերու 90 տոկոսը եկած է Քալիֆորնիա։ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքը ամէնէն մեծն է (100 հազար) Երեւանէն դուրս։ Նիւ Եորքի շրջանին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս 70 հազար հայեր, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Լիբանանէն եւ Իրանէն։

ԿՀՎի վերլուծաբանը աւելցուցած է․ «Մոսկուան կրնայ անհանգստանալ, որ օտարերկրեայ հայկական ահաբեկչական խմբաւորումները, ինչպէս, օրինակ, «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը» (ԱՍԱԼԱ), կրնան թիրախ դարձնել Խորհրդային Միութիւնը, թէեւ մենք որեւէ ապացոյց չունինք այս ըսուածին իսկութեան մասին։ Մինչ օրս ԽՍՀՄ շատ քիչ երեւցած է՝ ԱՍԱԼԱի մարքսիստական գաղափարախօսութեան հետ խառնուած զինուած պայքարի մէջ, ԱՍԱԼԱի գերիշխող խմբակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէ ազատագրուած տարածք, եւ խումբը իր յարձակումները կը կեդրոնացնէ բացառապէս թուրք պաշտօնեաներու վրայ: Փաստօրէն, ԱՍԱԼԱն, ի վերջոյ, կ՛ուզէր «հայկական մարզերը», որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ եւ, հաւանաբար, Իրաքի մէջ [՞], վերամիացած տեսնել Խորհրդային Հայաստանի հետ։ Աւելին. ԱՍԱԼԱն ներկայիս կը գտնուի դադարի փուլի մէջ, եւ անոր առաջնորդը սպաննուած է 28 Ապրիլին [1988]: Այսուամենայնիւ, ԱՍԱԼԱն Ապրիլի սկիզբը չափաւոր ուղերձ մը յղեց Կորպաչովին՝ աջակցելով Հայաստանի հետ Ղարաբաղի վերամիացման գործին, միաժամանակ յատուկ կերպով ընդգծելով, որ Հայաստան ԽՍՀՄի անբաժանելի մասն է եւ միայն կը ձգտի շտկել սահմանը, այլ ոչ թէ պահանջներ ներկայացնել Մոսկուային»:

Վերջապէս, ԿՀՎի վերլուծաբանը բացատրած է Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին․ «Թէեւ թրքական կառավարութիւնը բացայայտօրէն Ատրպէյճանի կողմը չանցաւ, սակայն Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ վերածնած հայկական ազգայնականութենէն, Անգարային ստիպեց համակրիլ Պաքուին։ Երբ Փետրուարին [1988] ճգնաժամը սկսաւ, Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները հրապարակայնօրէն մատնանշեցին, որ միջազգային պայմանագիրները Անգարային ձայնի իրաւունք կու տան այս ճգնաժամին մէջ՝ ակնյայտօրէն վկայակոչելով ԽՍՀՄի եւ Թուրքիոյ միջեւ 1921ին կնքուած պայմանագիրը, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի անցումը՝ Ատրպէյճանին: Անկասկած, Թուրքիա կը վախնար, որ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Հայաստանին կը գրգռէ հայերուն ախորժակը եւ կը յանգեցնէ Նախիջեւանի կարգավիճակի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախկին հայկական շրջանները վերստանալու ճնշումի ահագնացման։ Թուրք պաշտօնեաները, հաւանաբար, նշած են նաեւ, որ «Մեծ Հայք»ի հայկական ծաւալապաշտական ​​որոշ պահանջներ հիմնուած են աւելի շատ պատմական պահանջներու, քան վնասուած տարածքներու ցեղային կազմին վրայ։ Այսպիսով, որոշ հայեր պահանջած են Նախիջեւանի վերադարձը, հակառակ անոր, որ այժմ ատրպէյճանցիները թուաքանակով մեծապէս կը գերազանցեն այս տարածաշրջանը ապրող հայերը: Նման պատմական չափանիշներ օգտագործելով, հայերը կրնան հայց ներկայացնել նոյնիսկ Թուրքիոյ սահմանամերձ կարգ մը հատուածներու համար, ուր ներկայիս կ՛ապրին 50 հազար հայեր»:  

ԿՀՎի վերլուծաբանը իր զեկոյցը եզրափակած է ուրուագծելով հինգ տարբերակներ, զորս ԽՍՀՄն ունէր Արցախեան հակամարտութեան լուծման համար․

 1) «Սթաթուս քոյի պահպանում»․

2) «Լրացուցիչ տնտեսական զիջումներու կատարում» հայերուն․

3) «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան ուժեղացում Ատրպէյճանի կազմին մէջ»․

4)  «Արտատարածքային հայրենի մշակութային հաստատութիւններու» ընդլայնում․

5) «Լեռնային Ղարաբաղի վերակազմաւորում»`զայն բաժնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

 

 

 Յարութ Սասունեան 
«Կալիֆորնիա Կուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան