image
Հրատապ լուրեր:

Ներել բայց չմոռնա՛լ

Ներել բայց չմոռնա՛լ

Nelson Rolihlahla Mandela (Madliba). Հարաւային Ափրիկէի նախագահը՝ որ ընտրուած էր ժողովրդավարական համակարգով 1994 թուականին՝ Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը ըլլալով։ Mandela (1918-2013) ունի շատ իմաստալից խօսք մը, որ մարդկային փոխյարաբերութիւններու հաստատ հիմերու վրայ մշակման տեսակէտէ իրապէ՛ս ուղեցոյց մը կարելի է նկատել։ Ան կ՚ըսէ. «Կը ներեմ բայց չե՛մ մոռնար»։

Արդարեւ, «ներել» եւ «մոռնալ» երկու մարդկային արարքներ են, որոնք թէ՛ իրար կ՚ամբողջացնեն, թէ՛ իրար կը հակասեն որպէս իրերամերժ, իրարու ներհակ ըմբռնումներ։ Ուստի ներող անձը պէ՞տք է մոռնայ ներման պատճառած դէպքը կամ արարքը, թէ ներէ առանց մոռնալու զայն։ Անշուշտ երկու տեսակէտն ալ ունի իր բանաւոր փաստերը, կարելի է ըսել՝ թէ մարդ երբ չի մոռնար ներման պատճառ եղող արարքը՝ հոգեպէս ներած չ՚ըլլար, յաճախ կը յիշէ եւ գոնէ կը զղջայ որ ներած է։ Այսինքն միշտ իր մէջ վառ կը մնայ հատուցում պահանջելու, պատիժ սահմանել տալու փափաքը՝ կիրքը։

Իսկ ներողը երբ կը մոռնայ ներման պատճառ եղող արարքը, այլեւս բոլորովին ջնջուած, սրբուած կ՚ըլլայ խնդրոյ առարկայ արարքին յիշատակը։

Ո՞րն է ճիշդը։ Մոռնա՞լ եւ ներել, թէ ներե՛լ բայց չմոռնալ։ Այս հարցին որոշ եզրակացութեան մը յանգիլ, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց բաւական դժուար է, ինչպէս կեանքի մէջ պատահած շատ մը հարցերու, խնդիրներու վճռական եւ վերջնական լուծումը։ Եւ ամէն հարցի մէջ տարակարծութիւններու գոյութիւնը շատ բնական է, քանի որ մարդ խորհող, մտածող, ենթադրող, դատող էակ մըն է եւ նաեւ՝ երեւակայող, իսկ մտածողութիւնը եւ երեւակայութիւնը սահման չունին, եւ այդ պատճառով բնական է, որ մարդոց միջեւ տարակարծութիւններ պատահին…։

Զոր օրինակ, ներելու ե՛ւ մոռնալու այս հարցին մէջ ալ, վստահ ենք որ մեր շատ սիրելի ընթերցող բարեկամներուն իւրաքանչիւրը տարբեր պատասխաններ պիտի մտածեն, ոմանք պիտի ըսեն. «Ներելու համար պէտք է նաեւ մոռնալ…», իսկ ուրիշներ պիտի խորհին եւ ըսեն. «Այո՛, ներելը ազնիւ զգացում մըն է, բայց մոռնալը բոլորովին անձին վերաբերող վիճակ մըն է, ուստի մարդ կրնայ ներել արարք մը գործողը, բայց կրնայ չմոռնալ արարքը։ Այս իմաստով, արարքը եւ գործադրողը պէտք է անջատել իրարմէ՝ գործադրողը ներել, բայց արարքը չմոռնալ…»։

Երկու տեսակէտն ալ իր կարգին արժէք կը ներկայացնէ, քանի որ մարդկային բանականութեան արդիւնք է։ Հոս շեղում մը ընենք եւ յիշենք Վոլթէրի այն խօսքը՝ թէ կ՚ըսէ. «Բացարձակապէս՝ խստիւ կը հակառակիմ ձեր գաղափարին, բայց ձեր գաղափարը ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքը մինչեւ վերջ կը պաշտպանեմ մինչեւ իսկ կեանքիս գնո՛վը»։ Ահաւասիկ, հանդուրժողութեան, մարդկային մտքին յարգանքի եւ արժանապատուութեան տրուած արժէքին ցայտուն մէկ օրինակը։

Վերադառնալով մեր նիւթին՝ «ներում»ի եւ «մոռնալ»ու հարցին։ Ուրիշ առիթներով ալ անդրադարձած էինք «ներում»ի բնոյթին, անոր կարեւորութեան՝ մանաւանդ մարդկային առողջ յարաբերութիւններ մշակելու գործին մէջ։ Ուստի մարդկային յարաբերութիւններու ընթացքը չկասեցնելու, չխափանելու միջոց մըն է «ներում»ը, որուն շնորհիւ խախտած եւ ցնցուած բարեկամութիւններ, փոխյարաբերութիւններ կը վերակենդանանան եւ աւելի հաստատ եւ ամուր հիմերու վրայ կը շարունակեն իրենց ընթացքը։

Ներումը, այս իմաստով, բարեկամութեան նորոգումն է՝ վստահութեան եւ մտերմութեան վերհաստատումի՝ նախկինէն աւելի՛ բարւոք, աւելի՛ պատշաճ կերպով։ Ներումը բարեկամութիւններու անկեղծութեան մէկ ապացոյցը, հաւաստիքն է՝ որ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Ներումը, նաեւ, սխալներու անդրադարձման պատճառ կ՚ըլլայ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող ամէն ողջամիտ մարդոց մէջ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումը կ՚արթնցնէ եւ այս միջոցով բարեկամական կապերը կը զօրացնէ։

Բայց ներումը կը նմանի դեղահատիկի՝ եթէ չափաւոր չըլլայ, օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառէ, եւ ուրեմն ներումի չափն ու կշիռը պէտք է լաւ որոշել։ Եւ մանաւանդ, ներումի առարկայ արարքին համապատասխան չափով եւ արարքը գործողին ընդհանուր հոգեվիճակին, նկարագրին համեմատ, զոր օրինակ, անկեղծ ըլլալը նկատի ունենալով գործադրել՝ ներումի նպատակին եւ իմաստին հաւատարիմ մնալով արտայայտել անոր օգտակարութեան մեծ մասամբ կը նպաստէ։

Այն որ անկեղծ չէ իր զղջումին մէջ, այն որ նկարագրով ապերախտ է, երախտամոռ եւ ստացած բարիքը մոռցող մըն է, զայն ներելու ատեն պէտք է լաւ մտածել, գուցէ ներումով սպասուած օգտին փոխարէն վնաս պատճառէ։

Ներելը առաքինութիւն է, ազնուութիւն է, վեհանձնութիւն է, հոգիի մեծութիւնը ցոյց կու տայ… բայց հասկցողին, սխալին անդրադարձողին եւ սրբագրելով հոգեպէս նորոգուելու մտադրութիւնը ունեցողին համար։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս պատճառով, աւելի ճիշդ է «ներե՛լ» բայց նաեւ «չմոռնա՛լ»։ Եթէ մոռցուի, այլապէս ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ ներելը…։

 

Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեան

«Ժամանակ»/Պոլիս