image

Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք՝ չորս ճանապարհներու սրբազան ուղեւորը

Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք՝ չորս ճանապարհներու սրբազան ուղեւորը

Երէկ իր լրումին հասաւ Պոլսոյ պատմական Աթոռի նոր պատրիարքի ընտրութեան շրջափուլը։

Պատգամաւորներ ու Աթոռի միաբաններ միասնաբար ընտրեցին արդէն նոր պատրիարքը։ Արդիւնքը վճռուած էր անցեալ կիրակի տեղի ունեցած պատգամաւորներու ընտրութենէն ընդամէնը ժամեր անց։

Տ. Սահակ ընտրեալ-պատրիարքը, որ ազգայիններու եւ կրօնաւորներու առաջնորդութեամբ դուրս եկաւ Պատրիարքարանի շէնքէն ու մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր աղօթք մը կատարելէ ետք կարճ խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ ձեւով մը ուրուագծելով այն չորս ճանապարհները, որոնք պիտի դառնան ուղենշային իր պատրիարքական «ճամբորդութեան» ժամանակաշրջանին։

Սահակ Բ. ընտրեալ-պատրիարքը, որ աւելի վաղ ալ խօսած էր համայնքի առջեւ ծառացած հիմնահարցերու մասին՝ շեշտաւորեց, թէ այս ընտրութիւններէն ու իր պատրիարք դառնալէն անմիջապէս ետք էական խնդիրը մէկ է եւ պայմանաւորուած՝ Պոլսոյ համայնքի միասնութեան ապահովումով։ Ան այս առթիւ անգամ մը եւս բոլորին յիշեցուց, որ այսուհետեւ չկան գոյներ, չկայ նարնջագոյն կամ մանիշակագոյն, այլեւ կայ միայն սպիտակ եւ այդ սպիտակները համայնքի բոլոր անդամներն են անխտիր։

«Պատրիարքը հայրն է բոլորին», ըսաւ նորընտիր պատրիարքը՝ ողջոյնի խօսքը յղելով մինչեւ իր ընտրութիւնը մրցակից համարուող միաբանակից եղբօրը՝ (բառերը իրն են) Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։

Ի դէպ, ուշագրաւ էր, որ եկեղեցիէն ներս գտնուողները լուռ ու լարուած ականջներով կը լսէին ընտրեալ-պատրիարքի այս խօսքը՝ հաւատալով ու նկատելով, որ արդէն Պոլսոյ Աթոռը անպայմանօրէն մտած է նոր կարեւոր փուլ մը։

Երկրորդ հարցը, որուն ակնարկեց Տ. Սահակ Բ. ընտրեալ-պատրիարքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ ջերմագոյն յարաբերութիւններ ունենալն էր։ Սա ակներեւ դարձաւ իր կողմէ Մայր Աթոռին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին յղուած ողջոյնի խօսքով։ Ան նաեւ յիշատակեց, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը եղած էր զինքը առաջին շնորհաւորողը այս պատմական օրուան աւարտին։ Ի դէպ, այստեղ նաեւ պէտք է շեշտել, որ ընտրեալ-պատրիարքի յարաբերութիւնները միշտ ալ ջերմ եղած են Մայր Աթոռի ու անոր գահակալին հետ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նոր անուն մը չէ Մայր Աթոռին համար։ Ան յայտնի ուսուցիչ եւ սիրուած կրօնաւոր է Մայր Աթոռի շրջանակներուն համար։

Երրորդ ուղղութիւնը, որուն ակնարկեց ընտրեալ-պատրիարքը՝ Անգարայի հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու մօտեցումն էր, որու շնորհիւ (խօսքերը՝ իրենն են) կարելի եղաւ ունենալ անցնցում եւ անխռով ընտրութիւններ, հետեւաբար նաեւ ընտրել նոր պատրիարք մը։

Մասնաւորապէս այս օրակարգը զանազան իմաստներով ալ քննարկումներու առանցք դառնալու նիւթ պիտի ըլլայ՝ մանաւանդ Պոլսէն ու Թուրքիայէն դուրս ապրող հայութեան համար։

Տ. Սահակ Բ. ընտրեալ-պատրիարքը լաւ գիտէ սփիւռքի մօտեցումները, գիտէ Հայաստանի ժողովուրդին ու իշխանութեանց դիրքորոշումները եւ շատ հաւանաբար այդ ուղիով յառաջ տանի հայ-թրքական թնճուկին մէջ դրական դեր մը ունենալու հիմնաւոր մօտեցումը։

Առնուազն ներկայ փուլին նորընտիր պատրիարքը երեւելի ընդդիմախօսներ չունի։ Հակառակ դուրսէն յաճախ լսուող կարգ մը տհաճ ձայներու, անոր ուսերուն վրայ կայ նոր ճանապարհներ բանալու, այդ ճանապարհները ամրակապելու, ծայրերը թափուած քարակոյտերը մաքրելու մեծ առաքելութիւնը։

Յաճախ պիտի քննադատուին անոր մօտեցումները, յաճախ լրագրողներ ու թրքագէտներ (մանաւանդ Հայաստանի մէջ) կասկածի տակ պիտի առնեն անոր տեսակէտները, ըրած յայտարարութիւնները կամ դիրքորոշումները, բայց եւ այնպէս, աւելի քան յստակ է, որ Տ. Սահակ Բ. ընտրեալ-պատրիարքը իր պատրիարքական մեծ «ճամբորդութեան» կը սկսի սպիտակ էջով մը։ Էջ մը, որուն վրայ ամենէն աւելի ու ամենէն շատ գրուած է սիրոյ գիրը։ Եկեղեցին սիրելու գիրը, համայնքն ու համայնքի անդամները սիրելու գիրը, Հայաստանն ու հայութիւնը սիրելու գիրը, նաեւ Եկեղեցւոյ գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոսը պաշտելու ու սիրելու գիրը։

Իր տեսակով, տեսակէտով կրօնական ընկալումներով Սահակ Պատրիարք մեզ քայլ մը աւելի պիտի տանի դէպի քրիստոնէական մեծ արժէքներ ու այդ սիրոյ վրայ քարեր կապելով, աղիւս շաղելով ու պատ բարձրացնելով վեր պիտի հանէ մեր ժողովուրդի մեծ հաւատքի ամրոցը՝ Եկեղեցին։

Անշուշտ այս ճանապարհները ողողուած պիտի ըլլան սիրով ու այդ սէրը Քրիստոսի սիրտէն ու հոգիէն բխած աներեւոյթ, սակայն ապրող սիրոյ կրակի արգասիքն է։

Նորընտիր պատրիարքը կեցած է չորս ճանապարհներու ճիշդ սկիզբը՝ համայնքի միասնութիւն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ սէր ու հաւատարմութիւն, Թուրքիոյ նկատմամբ վաւերականութիւն ու վստահութիւն եւ աւարտին Քրիստոսի սիրով ապրելու ու գործելու կամք ու պատրաստակամութիւն։

Մենք այդ ճանապարհներու վկայողն ենք։ Աւելի քան հասկնալի է, որ այսօրուան այս գրութիւնը միայն վերլուծական մօտեցումներով յագեցած գրութիւն մը չէ, այլեւ անոր մէջ կան մեր Եկեղեցւոյ գմբէթներէն դարի՜ւ-դարի՜ւ բարձրացած մեծ աղօթքներու կանչն ու նուիրական ազդեցութիւնը։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս