image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ Ալիշանեան օրեր

Հայաստանի մէջ Ալիշանեան օրեր

Հայ մտքի հսկաներէն մէկուն՝ Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակը Հայաստանի մէջ այս օրերուն կը նշուի անսովոր պայմաններու տակ: Անցեալ տարի մեծ հայուն յոբելեանը նշելու մեծածաւալ ծրագիրներ կազմուած էին, բայց համավարակը գլխիվայր շրջած է ո՛չ միայն այս, այլեւ՝ շատ ուրիշ ձեռնարկներ: Այնուհանդերձ, լռելեայն պիտի չանցնէր նշանաւոր հայերէն մէկուն 200-ամեայ յոբելեանը:

Նահապետը ծնած է Յուլիս 6-ին: Իր յօդուածներուն տակ ստորագրուած Նահապետ անունը յաւերժ կ՚ուղեկցի հայ գիտութեան, գրականութեան ամենանշանաւոր եւ ամենաերախտաւոր անուններէն մէկուն, որ մեր պատմութեան մէջ նոյնքան աւանդ ունեցած է թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, հայագէտ, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ եւ թէ՛ իբրեւ եկեղեցական՝ ըլլալով Մխիթարեան միաբանութեան ամենացայտուն դէմքերէն մէկը: Ալիշան իրապէս Նահապետ դարձաւ ո՛չ միայն իր ապրած դարաշրջանին, այլ ընդհանրապէս հայութեան պատմութեան մէջ:

Հայ գրող Ղազարոս Սարեանի այս բնութագրումը՝ կ՚ամբողջացնէ Ալիշանի կերպարը. «Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը դարուս հայկական հանճարի ներկայացուցիչն է։ Իբրեւ բանաստեղծ՝ բոլոր բանաստեղծներու նահապետն է, իբրեւ եկեղեցական՝ շնորհալի մըն է, իբրեւ գիտնական՝ հանրագէտ մըն է»։

Հայութեան եւ օտար շրջանակներու մէջ լայնօրէն ծանօթ գիտնականն ու նուիրեալը պոլսեցի է. իր կենսագրութիւնը կու տանք ստորեւ, ըստ Ինտրայի՝ Տիրան Չրաքեանի նկարագրութեան, որ շարադրելով Հայր Ալիշանի կեանքի եւ գործի մանրամասնութիւնները, նաեւ գրաքննական հայեացք մը նետած է անոր ստեղծագործութեան:

Գալով Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ալիշանական ձեռնարկներուն՝ նշենք, որ Ալիշանի յիշատակի ոգեկոչական գլխաւոր կազմակեպիչը եղաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը, որ գիտաժողով մը եւ ցուցահանդէս մը նուիրեց Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի 200-ամեայ յոբելեանին, գիտաժողով մըն ալ կազմակերպեց Գաւառի պետական համալսարանը, իսկ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկը այս առիթով գիտաժողով մը նախատեսած է սեպտեմբեր ամսուն: Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոյնպէս մասնակից եղաւ Նահապետի 200-ամեակի ձեռնարկներուն՝ հեռավար կարգով ցուցադրելով այն գիրքերու եւ աշխատութիւններու ցանկը, զորս գրած է Ալիշան, եւ որոնք կը պահուին գրադարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Ազգային գրադարանի աշխատակից, մատենագէտ Մայա Գրիգորեան կազմած է Ալիշանին նուիրուած յօդուածներու ժողովածոյ մը, ուր յօդուածներ ստորագրած են Արցախի Պետական համալսարանի եւ Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանի խումբ մը դասախօսներ: Արցախի մէջ եւս գիտաժողով մը պիտի ըլլար, սակայն նոյն յայտնի պատճառներով յետաձգուեցաւ: Գիտաժողովը նախատեսուած էր Ալիշանի համար շատ հարազատ Գանձասարին մէջ, որ ան չէ տեսած, բայց տեսածի պէս նկարագրած է իր աշխատութեան մէջ:

Հայրենիքի հանդէպ առյաւէտ կարօտով լեցուն Ալիշանի նախորդ յոբելեանները նոյնպէս նշուած են իր սիրելի հայրենիքին մէջ եւ այսօր, հակառակ արտակարգ դրութեան, հայրենիքը անտարբեր չէ իր երախտաւոր զաւակին հանդէպ: Այստեղ տեղին են իր՝ Ալիշանի խօսքերը. «Հայրենի՜ք... Այն քիչ անուններէն մէկն է այս՝ զոր գրեթէ ամօթ է բացատրել բարեկիրթ եւ զգօն անձի մը... Գրեթէ մտքէն առաջ սիրտն կու հասնի, կ՚ըմբռնէ, կ՚իմանայ զայս: Կ՚իմանայ զայն նաեւ երբ չի կրնար քիչ բառով կամ խօսքով բացատրել. մանաւանդ ուր քաղաքական եւ բարոյական տեսութիւնք՝ ասոր իմաստն այլ այլայլած կամ զանազանած ըլլան։

«...Եւ ահա (մարդ արարածը) կու ճանչնայ զազգս. եւ անոնց մէջ իր Համազգին. եւ երկրիս բնակութեան վրայ ասոր բռնած տեղն այլ՝ Հայրենիք։ Բնական է մարդուս փնտռել եւ սիրել զՀայրենիքը։ «Ո՞ւր է հայրենիքն...», կը հարցնէ եւ ինքն ալ կը պատասխանէ «...Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին՝ Հոն հայրենիքը ողջ է»:

Այս խօսքերն են, որ յաւերժ ուղեկից եղած են հայ սերունդներուն՝ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս: Զարմանքով կարելի է նկատել, թէ ինչպէ՛ս առանց Հայաստանի մէջ գտնուելու, Ալիշան տեղագրած է Հայաստանի նահանգները, գաւառները, քաղաքներն ու գիւղերը. բնութագրած բնակավայրերը, կազմած անոնց պատմութիւնները եւ յուշարձաններու ցանկը: Յետագայ դարերու գիտնականներուն համար անգնահատելի աղբիւր եղած է Ալիշանի այդ գործը, իսկ իր ապրած ժամանակներուն թեւաւոր խօսք էր՝ «Ալիշանը մեծ ու հեռատես աչք է, որ Վենետիկ ապրելով՝ կարող է համրել Հայաստանի բոլոր քարերը»:

Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ բացուած բացառիկ ցուցահանդէսը, ցաւօք, փակ է այցելուներուն համար, սակայն ցուցադրութիւնը կը պահուի այնքան ատեն, մինչեւ որ վերացուին արտակարգ դրութեան պայմանները եւ այցելուները հնարաւորութիւն ունենան տեսնելու զայն: Ցուցահանդէսը բացուած է Մատենադարանի հնատիպ գիրքերու ցուցասրահին կից, կը ցուցադրուին Ալիշանի՝ Մատենադարանի գրադարանէն ներս պահուող աշխատութիւններէն 24 անուն գիրք, ինչպէս նաեւ մամուլի օրինակներ: Ատոնց մէջ առանձնակի տեղ ունի «Բազմավէպ»ը, ուրկէ Ալիշան սկսած է իր գիտագեղարուեստական գործունէութեան, 1843 թուականին, «Բազմավէպ»ին մէջ տպագրելով արձակ ու չափածոյ եւ գիտաճանաչողական գործեր, որոնց մէջ է նաեւ անոր բանաստեղծական ժառանգութեան բարձրակէտը նկատուող «Նահապետի երգեր»ը:

Ցուցադրութեան մէջ են նաեւ Ալիշանի բանաստեղծական ժողովածոները: Ան բանաստեղծութիւնները գրած է գրաբար, միջին հայերէնի ոճական հետեւողութեամբ եւ գրաբարախառն արեւմտահայերէնով եւ զանոնք հրատարակած հինգ գիրքերով՝ «Նուագք» ընդհանուր խորագրով: Մխիթարեաններու գրական աւանդոյթը շարունակելով Ալիշան միաժամանակ հաւատացողն էր գրականութիւնը ժողովուրդին մօտեցնելու գաղափարին եւ կը գրէր ժողովուրդին հասկնալի եւ հարազատ լեզուով:

Մաշտոցեան Մատենադարանի ցուցադրութեան մէջ է նաեւ Հայր Ալիշանի գեղարուեստական արձակէն «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» հատորը (հ. 1-2, 1869-1870), ուր հեղինակը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին, ներկայացուցած է Հայոց պատմութեան ու մշակոյթի նշանակալի 33 դրուագներ, որոնց մէջ ան դիմած է Հայկ Նահապետի նորօրեայ շառաւիղին՝ պատանի Հայկակին, պատգամելով հաւատարիմ մնալ աստուածագիր օրէնքներուն եւ հայրենատուր աւանդներուն: Ցուցադրութեան մէջ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ներկայացուած է նաեւ իբրեւ հայ հին գրականութեան հրատարակիչ: Անոր վաստակը մեծ եղած է նաեւ այս ասպարէզին մէջ, որ նաեւ Մխիթարեաններու առաքելութեան մէկ մասն էր:

Ալիշան իր կեանքի եւ գիտական գործունէութեան կարեւոր մէկ մասը նուիրած է Հայաստանի աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան եւ անոր նուիրուած ցուցադրութեան մէջ մեծ տեղ տրուած է նաեւ իր աշխարհագրական նիւթով հրատարակութիւններուն:

«Նահապետի երգեր»էն ետք աշխարհագրութեան նուիրուած հատորներն էին, որ համահայկական սէր եւ ճանաչում բերին Ալիշանին եւ նաեւ եւրոպացի գիտնականներ բարձր գնահատեցին անոր այս նուիրումը: Աշխարհագրական հատորներուն քով ցուցադրուած են տեղագրական ու պատմագրական հատորները: Պատմական Հայաստանի բոլոր 15 նահանգներուն նուիրուած անջատ հատորներ գրել որոշելէ ետք սակայն գիտակցած է, որ այդքանը պիտի չկրնայ ամբողջացնել, ապա հրատարակած ատոնցմէ միայն չորսը՝ «Շիրակ» (1881), «Սիսուան կամ Լեւոն Մեծագործ» (1885), «Այրարատ» (1890), «Սիսական» (1893):

Յատկանշական են Ալիշանի անտիպ ձեռագրերը, որոնց մէջ կը պահուին նաեւ Արցախին եւ հայոց արեւելեան կողմերու քանի մը նահանգներուն եւ շրջաններուն նուիրուած, ամբողջապէս աւարտին չհասցուած աշխատանքներ:

Յետագային՝ 1988 թուականին, Արցախեան շարժման օրերուն «Բազմավէպ»ի թիւերուն մէջ նախ տպագրուեցաւ «Արցախ»ը, ապա միւս գործերը, որ ցոյց տուաւ Ալիշանի գործերուն արդիականութիւնը:

 

«ՀԱՅԲՈՒՍԱԿ ԿԱՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՈՒՍԱԲԱՌՈՒԹԻՒՆ»

Ծանօթ է, որ իր գիտական գործունէութեան ընթացքին Ղեւոնդ Ալիշան Հայաստանի ամէն մէկ նահանգին նուիրուած աշխատութեան մէջ կը գրէր նաեւ բուսական աշխարհին մասին, այդպէս կազմուեցաւ անոր նշանաւոր «Հայբուսակ…»ը, որ, իբրեւ հայերէն բուսաբանական բառարան, անփոխարինելի եւ առաջին ծաւալուն բուսաբանական բառարանն է, որ ի մի կը բերէ հնագոյն, միջնադարեան եւ մինչեւ հեղինակին ժամանակները առկայ՝ հայկական գրականութեան մէջ տեղ գտած բուսոց անունները։

Ի նշանաւորումն Ալիշանի 200-ամեակին, «Նայիրի» թուայնացման կայքէջը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ օրերս թուայնացուցած է «Հայբուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն» աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է Վենետիկի մէջ՝ 1895 թուականին։ Բառարանը հասանելի է համացանցի վրայ: Բուն բառարանը եւ յաւելուածը միասին կը պարունակեն 3400 բառայօդուած։ Հատորը նաեւ ունի լատիներէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ թրքերէն եւ արաբերէն բոյսերու անուններու ցանկեր, որոնց միջոցաւ ընթերցողը կրնայ բուն բառարանին մէջի համապատասխան հայերէն բառայօդուածները գտնել։

 

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Ղեւոնդ Ալիշանի 200-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը տեղի ունեցաւ առցանց՝ 6-8 յուլիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Մխիթարեան միաբանութեան, Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Մաշտոցեան Մատենադարանի համատեղ ուժերով: Գիտաժողովին մասնակցեցան աւագ սերունդի գիտնականներ եւ նոր սերունդի հետազօտողներ ու երիտասարդ գիտնականներ, որոնք նոր ոճով մօտեցում ունին Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի կատարած մեծ գործին եւ այդ մէկը կը քննեն նաեւ հայութեան նորօրեայ հարցերու եւ մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէն: Ալիշանի յիշատակի ոգեկոչումը հաւանաբար կը շարունակուի նաեւ յառաջիկային, քանի որ վիթխարի է անոր ձգած ժառանգութիւնը եւ անհերքելի է այդ ժառանգութեան դրոշմը՝ իրմէ ետք բոլոր ժամանակներու հայ գրականութեան, գիտութեան եւ ուրիշ բնագաւառներու մէջ:

 

ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ (1820-1901)

ԻՆՏՐԱ (ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ)

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան ծնած է Պոլիս: Տասներկու տարեկան հասակին մէջ կը ղրկուի Վենետիկ՝ Մխիթարեանց վանքը դաստիարակուելու համար: Տասնվեց տարեկանին կրօնաւոր կ՚ըլլայ Հ. Ղեւոնդ անուամբ եւ քսան տարեկանին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: Անմիջապէս ուսուցիչ կ՚ըլլայ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: 1850-66 կ՚այցելէ քանի մը եւրոպական մեծ քաղաքներ իբր բանահաւաք ու քիչ ժամանակ մը Փարիզի Մուրատեան վարժարանին տեսչութիւն կ՚ընէ օգտակարապէս: Յետոյ՝ վեց տարի՝ Վենետիկ՝ Ռափայէլեան վարժարանը մինչեւ 1872, որմէ վերջ, մերժելով ամէն պաշտօն, ինչպէս վանքին աբբահայրութիւնը, կ՚առանձնանայ Ս. Ղազարի իր խուցը, աշխատելու համար 30 տարի:

Իր գործերը երեսունէ աւելի են եւ բազմատեսակ, բանաստեղծական, բարոյական, պատմական, աշխարհագրական, բանասիրական եւ այլն:

Գլխաւորներն են.- «Նուագք» (5 հատոր), «Յուշիկք Հայրենեաց» (2 հատոր), «Ընդ Եղեւնեաւ», իտալերէն եւ ֆրանսերէն գործեր, «Հայկական աշխարհագրութիւն», «Այաս», «Շիրակ», «Սիսական», «Այրարատ», «Սիսուան», «Հայ-Բուսակ» եւ այլն: Իր քահանայութեան եւ գրականութեան յիսնամեայ յոբելեանը տօնուեցաւ 1890, մայիսին, Վենետիկ եւ բոլոր հայութիւնը ամէն կողմէ արժանաւոր մեծարանքն ընծայեց հայրենասէր գիտնականին եւ քերթողին, իբր հայ մտաւորականութեան «նահապետ»ին, ինչպէս կոչուեցաւ:

Իր երկը՝ հայ գրականութեան արտադրութիւններէն մեծագոյնը ըլլալէ զատ՝ է նաեւ բոլոր աշխարհի ամենամեծ երկերէն մին: Ալիշան՝ առանձին պիտի բաւէր մեծ ազգի մը փառքերէն մին կազմելու:

Իր բանաստեղծական գործը.- Թէեւ իր բոլոր գործերը՝ աւելի կամ նուազ, լի են բանաստեղծական սիրով ու երեւակայութեամբ, բայց գլխաւորաբար իր «Նուագ»ները կը ներկայացնեն իր բուն քերթողական երկը, ըլլալով ո՛չ միայն հայրենասէրի, այլ նաեւ խորհողի՝ բնութեան եւ Աստուծոյ մարդու խանդավառութեան գործ:

Այդ հինգ հատորները բաժնուած են բանաստեղծութեանց խումբերու. «Մանկունի» (Ա. հատոր), «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի» (Բ. հաոր), «Հայրունի» (Գ. հատոր), «Տէրունի» (Դ. հատոր), «Տխրունի» (Ե. հատոր):

Առաջնոյն մէջ կը խօսի մանուկներու կամ անոնց բերնով: Երկրորդ խումբին մէջ ուղերձներ կան այլ եւ այլ անձնաւորութիւններու: «Խոհունի»ն խորհրդածութիւններով լի քերթուածներ կը պարունակէ: «Բնունի»ն բնութեան իրերու եւ տեսարաններու նուիրուած է: «Հայրունի»ն նախահարց վեց բանաստեղծութեանց հատոր մըն է: «Տէրունի»ն կրօնական քերթուածներէ կը բաղկանայ: «Տխրունի»ն կը պարունակէ տխուր նիւթեր:

Բայց շատ անգամ այս խմբումները չեն արդարանար բաւական եւ քիչ մը քմահաճ են. օրինակ, «Մանկունի»ն շատ տարբեր է «Տէրունի»էն եւ «Խոհունի»ն՝ «Տխրունի»էն:

Այս ճապաղ ամբողջութեան մէջ նկարագրի սերտ միութիւն մը կայ, այն է՝ Ալիշանի հեզ, խանդաղատական եւ պաշտող հոգին:

«Նուագ»ները կ՚արտայայտեն անկեղծ եւ ամբողջական նուիրում մը առ ամէն ինչ, որ նուիրական է. անմեղութիւնը, հայրենիքը, բնութիւնը, խորհուրդը, Աստուած: Իր մէջ զգայնութիւնն ու աւիւնը աւելի ընդարձակ են քան ուրիշ որեւէ մէկ հայ բանաստեղծի մէջ. ոչ մէկ հայ բանաստեղծ նաեւ ունեցած է իր բանաստեղծութիւնը այնքան ճոխութեամբ: Լեզուն, զոր կը գործածէ («Նուագ»ներուն մէջ մեծամասնութեամբ գրաբար բացի «Հայրունի»ին մէջ մէկ քանի տաղերէն), Բագրատունիի անօրինակ ճոխութիւնն ունի, բիւրիմաստ, բիւրաշունչ, բիւրապատկեր: Քերթողին անյագ խանդաղատանքը դիմեր է արտայայտման անհատնում ամենակերպ միջոցի մը, գրական ճոխագոյն լեզուին: Չափերն իսկ զոր կը կիրարկէ, նոր են հայ մատենագրութեան մէջ եւ կան որ անձնական են ու գեղեցիկ (5-7, 4-4-9): Յաճախ, ինչպէս իր արձակին մէջ՝ Նարեկացիէն աւելի ճաշակաւոր բանաստեղծ մըն է եւ իր բառերը յոյժ պատկերալից են ու մերթ մեծվայելուչ:

Բայց ինչ որ վերոյիշեալ յատկութեանց կու տայ բոլորովին ալիշանեան դրոշմ մը եւ անոնց հետ մէկտեղ Ղ. Ալիշանի յատկանիշը կը կազմէ՝ տեսակ մը նահապետական գեղեցկութիւնն, աշուղային պարզմտութիւնն է, որ Ալիշանի հզօր կարողութեանց պատկառելիութիւնը կը մեղմէ եւ որ կը յարմարի իր փառատեաց խոնարհամտութեան:

Իր հմտական գործը.- Այս գործը հսկայական է: Բազմահմուտ գրագէտը անոր մէջ անցեալը կը կեդրոնացնէ՝ անսպառ երեւակայութեամբ ու սիրով: Հայրենասիրութեան որքան հայրենագիտութեան դպրոց մըն է այդ գործը: Ինչ որ գուցէ կարելի է առարկել այդ գործին նկատմամբ՝ քննադատութեան պակասն է, զոր զուտ գիտական ոգին կրնայ տեսնել հոն, եւ որ արդիւնք է անշուշտ Ղ. Ալիշանի գերազանցապէս պաշտող քան զննող էութեան: Այդ հմտական գանձարանը սակայն կարող է անսպառ նիւթ հայթայթել գիտնոց ուսումնասիրութեան եւ նորանոր զննութեանց համար. որքան կարող է օրինակ ըլլալ ազգասէր հմուտներու՝ իբր առաջին անօրինակ յիշատակարան ազգային գիտութեան:

Աշխարհաբարը, զոր իր մէկ քանի հատորներուն մէջ կը գործածէ (օր. «Յուշիկք Հայրենեաց»ին մէջ), հնամենի եւ անձնական բան մը ունի, որով մեծապէս կը հեռանայ այսօրուան աշխարհաբարէն: Այսուհանդերձ Ալիշան մին է անոնցմէ, որ աշխարհիկ լեզուն բարձրացուցին գրական լեզուի եւ առաջիններէն իսկ է, քանի որ աշխարհաբար գրած է վաթսունական թուականներուն: Ալիշանի գրականութիւնը՝ իրական ազդեցութիւն գործած է իր ժամանակակիցներուն վրայ, գլխաւորաբար Պէշիկթաշլեանի վրայ: Նարպէյ, Թէրզեան, Տէմիրճիպաշեան եւ ուրիշներ ազդուած են իրմէ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս