image

«Մեռնիմ նէ եա՝ չի քէօֆթէ կերա՛ծ պիտ մեռնիմ»

«Մեռնիմ նէ եա՝ չի  քէօֆթէ կերա՛ծ պիտ մեռնիմ»

 

Վեհանոյշ Թեքեան


Հինգշաբթի էր, ժամը երկուքուկէսի մօտ, յանկարծ անսովոր հրացանաձգութիւն մը սկսաւ ահաւոր, անկասելի թափով։ Թաց մազերուս անձեռոց մը փաթթած խուժեցի վար, մերինները հասեր էին երկրորդ յարկի վերելակին առջեւ, ուր արդէն խռնուած էին շէնքին բնակիչները, քսանէն աւելի։
Քանթարիի մեր տունը կողոպտուելէ եւ հրկիզուելէ ետք, քանի մը ամիս Համրա կահաւորուած յարկաբաժինի մը մէջ ուրիշ տնազուրկներու դրացնութեամբ ապրելէ եւ ցոյցերու մասնակցելէ ետք, որոշեր էինք հեռանալ արեւմտեան շրջանէն, ուր ամէն տուն եւ դպրոց ու փողոց յաւելեալ կսկիծ պիտի պատճառեր։
Հասանք արեւելեան ափ ու մտանք Աղբալեան ակումբ, յայտնելու թէ այս շրջանին մէջ վարձու տուն կը փնտռենք։ Բարեբախտութիւն թիւ մէկ՝ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանի հայրը՝ Պրն. Սարգիս Պէրպէրեան հոն էր։ Մէկ կողմ քաշեր հարցուցեր է մեզ հոն հասցնող բարեկամին, թէ քանի՛ քոյր-եղբայր ենք, պատասխանուեր է՝ հի՛նգ։ «Ուրեմն կ՚օգնեմ» ըսեր է. ըստ իրեն որեւէ հայ ընտանիք նուազագոյնը չորս զաւակ պէտք է ունենայ, ազգը բազմացնելու։ Ինք եւ իր կինը ունէին տասը զաւակ։ Ծնողքս ալ անցած էր սահմանը։
Յայտնուեզաւ թիւ երկու բախտաւորութիւնը, մեզ առաջնորդեց Զալքայի նորակառոյց շէնքի մը ութերորդ յարկը, որ կը պատկանէր ազգականի մը, եւ ան հեռաւոր երկիր մը ըլլալուն՝ Պրն. Պէրպէրեանին յանձներ է տնօրինել վարձակալի հարցը։ Բարձրերը թառած թռչունի պէս պիտի վայելէինք՝ արեւմտեան պատշգամներէն Միջերկրականի ալիքները, արեւելեան պատշգամներէն՝ բլուրներու կողերուն երկարած նարնջենիներու բոյրը։ Աս ալ բախտաւորութիւն թիւ երեք։ Սակայն այս բախտաւորութիւններուն պատճառը անդառնալի, սրտաճմլիկ կորուստն էր մեր վաթսունհինգ տարուան հօրենական տան, ուրկէ մեր բոլոր յիշատակները, անձնաթուղթերը, վկայականները, լուանկարները, գիրքերն ու գեղանկարները, հագուստ-կապուստ, մինչեւ իսկ Թալասէն գաղթի ուղին անցած հոս հասած արժէքաւոր իրեղէններ ու փաստաթուղթեր, հրկիզուած ու գողցուած էին։
Շաբաթ մը ապրեցանք մեր տունէն քառորդ ժամ անդին, համրայի մէջ. զարմացանք։ կեանքը շատ բնականոն կ՚ընթանար հոն, կարծես տարբեր երկիր էր։ Երբ վերադարձանք տուն կարեւոր թուղթերն ու փաստաթուղթերը առնելու- բոլոր ոսկեղէնները լիբանանը պաշտպանող քաջարի մարտիկները գողցեր էին այդ գիշերը, որ սպառնագին՝ քալաշնիքովները ճօճելով մեր տունը մտան։ Ստրատեճիք է եղեր, մեր պատշգամէն կրնան ծովեզերեայ պանդոկները պայթեցնել։ Ընդամէնը գողօնը առին ու փախան։ Առտու կանուխ մենք ալ փախանք, աչք առնելով սպանուիլ փողոցին ծայրը եփ-երկար, դեռ դուռ պատուհան չդրուած շէնքի մը բացութիւններէն մարդկային կեանքի հետ խաղ խաղցող արձակազէններէն։
Շաբաթ մը ետք ակումբին պատասխանատուները յանձնարարեր էին տուն երթալ եւ կարեւոր փաստաթուղթերը առնել։ Տան առջեւ հսկայ բեռնատար ինքնաշարժ մը՝ սառնարան լուացքի մեքենայ եւ մեր կարասիներէն դրած արագաբար անհետացաւ։ Հասանք դրան առջեւ, ամէն կողմ աւեր. ջուրով ողողուած էր յատակը, իսկ տունը հրկիզուած կենդանիի պէս կը տքար։
Հազիւ քանի մը ամիսէ տեղաւորուած էինք յարաբերաբար ապահով ափը, երբ այդ Հինգշաբթի օրը, օր ցերեկով, սկսաւ ահադղիրդ հրացանաձգութիւն մը։ Հրեաները գտեր են ոսկի ածող հաւերուն կեդրոնը եւ ծովէն թնդանօթները լարեր են դէպի բլուրները, մեր երկար շէնքերը պատնէշ իրենց միջեւ։ Իսկ բլուրներուն մէջ Պաղեստինցիները գաղտուկ ճամբաներ բացեր՝ ապաստաներ են տասնամեակներէ ի վեր։ Տակաւին՝ մեզմէ երկու շէնք անդին Փաղանգաւորներուն կեդրոնատեղին է։ Մէկ զարկով երկու թռչուն։ Հրեաները նաւերով հասած, պաղեստինցիները բլուրին վրայ հերոսացած՝ ճակատամարտ կը մղեն մեր փողոցներուն մէջ։
Շէնքին երկրորդ յարկի աստիճաններու միջանցքին թխմուեր ենք քսաներկու հոգի, զիրար չենք ճանչնար, մէկ բան կը ճանչնանք – բոլորս հայ ենք, բոլորս շփոթահար։ Անկիւն մը՝ նորածինը գրկած երիտասարդ մայր մը արտասուելով կ՚ըսէ ամուսինին « Պէյրութի մէջ թող ծնի պէպէքը ըսիր, առիր աս դժոխքին մէջը բերիր. Երեք ամիսէ չքաշածս չմնաց. հիմա ալ ա՛ս. ասոնք լռելնուն պէս Հալէպ պէտք է երթանք. ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր չոճուխը, ձեռքս ոտքս կը դողայ կոր»:
Շուտով արտաքնոց երթալու հարց ծագեցաւ. դէմ դիմաց տանտէրերը բարեացակամ էին. «պիտի ընես նէ պիտի ընես։» Իսկ քաղաքավարութեան կատարին ապրող իններորդ յարկի Րաֆֆին անպայման իրենց տունը պիտի գործածէր։ Մտիկ չըրաւ. «հապա՞ եթէ նորէն սկսին»ին։ Քիչ ետք իջաւ իններորդ յարկէն հազիւ հազ թոթովելով «ամէն բան տեղէն շարժած է, կոտրուած բաներ կան»։ Այսուհանդերձ բերած էր իր հետ մօրը շինած պէօրէկները, քաթաները եւ պիստակներ։ «խնդրեմ, խնդրե՜մ հրամմեցէք». «Պարո՛ն, վերցուր սըվոնք, յետոյ ջուր պէտք է խմենք. ասանկ ատեն խելք գործածելու է»։
Իսկ այդ խելքը կը գործածէր ուրիշ երիդասարդ մը, որ ռատիոն ականջին փակցուցած մտիկ կ'ընէ եւ յոյս կը բաշխէ մեզի։ «Պի Պի Սին ըսաւ, որ վաղը Արերիկան ժողովի պիտի նստի մեր խնդիրը լուծելու»։ «Արդէն ատ սախթեքէր Ամերիկան բերաւ աս պելան մեր գլխուն»։ «Հիմա անոր ատենը չէ, ով պիտի լուծէ նէ թող լուծէ»: Բայց Ամերիկան անգիտակցաբար այս հինգ մեթրին մէջ հաւաքուածներուն խնդիրը լուծած էր։ Ամէն անկիւնէ ձայն մը կ՚արձակուէր .«Շիտտակ Տիթրոյթ պիտի երթանք»։ «Հօրեղբայրս թուղթերը կը պատրաստէ կոր, եալլա կ՚երթանք կոր». «Մանչուս ըսի քի դուն մէյ մը գնա Նիւ Ճըրզիի գոլէճը, մէկալ տարի ալ մենք կու գանք»:
Հրացանաձգութեան թափը նուազած էր, բայց կար հռնդիւնը։ Ժամը եօթն է, վերի յարկերու բնակիչները շփոթած են. առջեւը բաց, ետեւը՝ օդասուն, դժնդակ պայքարի մէջ զոհի պէս կանգնած են մեր յարկաբաժինները։
Այդ նոյն յարկի տանտէրը, որ նպարավաճառ է եղեր, կարգադրեց որ իր կինը, աղջիկը, քոյրը իրենց տան ներսը միջանցքին մէջ , որ սենեակներու պատերով պաշտպանուած է. փռեն ճերմակ սաւաններ։ Ամէնքս դէմ դիմաց նստանք ծալլապտիկ, մեր միջեւտարածութիւնը՝ հազիւ կէս մեթր։ Տանուտէրը շարքին ճիշդ մէջտեղը նստած էր, իսկ կինը խոհանոցէն միջանցք կ'երթեւեկէր պնակներով, մերժելով ամէն օգնութիւն։
Մարդուն նայուածքը աջէն ձախ արագ մը սահեցաւ, յետոյ յայտարարեց. «իշտէ յայտնի եղաւ այս գիշեր պիտի մեռնինք։ Պիտի մեռնիմ նէ եա սա չի քէօֆթէն կերա՜ծ պիտի մեռնիմ։ Եալլա քոյրիկներ աղբարիկներ, հրամմեցէք, կնիկիս շինած չի քէօֆթէն է. մէկը չիպիտի գիտնայ, որ թուղթէ գաւաթով օղի խմեր ենք. ուիսքին ալ բեր, կնիկ։ Անուննիդ ալ չեմ գիտեր, ղուսուրիս մի մնաք. ինչ պէտք կայ, ամէնքս ալ հայ ենք. արդէն քանի մը ժամէն կերթանք կոր։ Աստուած սա պէպէքին երեսը թող նայի, անմեղ է, ինչ ըրեր է քի։ Մաման-պապան գլխուն վրայ թող պահէ։ Տիկին, մի՜ լար, կը խնդրե՜մ»։ Կինը կը փղձկի, ամուսինը կը գրկէ ուսերէն, չի մտածեր նորածինը քիչ մըն ալ ինք գրկել։
Էն ծայրէն մէկը սկսաւ երգել Հայր Մեր-ը, բոլորս ձայնակցեցանք, յուզիչ- մուզիչ երկարելով տողերը. յետոյ թամատային կինը բացաւ բերանը. «Աստուած կը լսէ կոր զաար.» « Ինչո՞ւ չլսէ , Աստուած մեր Հայրն է, համաշխարհային պատմութեան մէջ յստակօրէն գրուած է՝ էն առաջ մե՛նք քրիստոնեայ դարձած ենք։ Մեր ասպնջական հայրերը աս երկիրը երկիր ըրին, երբեք չմտածեցինք, թէ այս դժնդակ օրերը կը հասնին»: «Մեր հայերը փարչա-փնչիկ կըլլան կոր» ուսուցիչին մաքրամաքուր հայերէնին խերը անիծեց տարեց կին մը։ Դեռ ի՞նչ կը սպասենք կոր, Հայր Մերն ալ երգեցինք, օղին ուիսքին ալ խմեցինք, թող զարնեն հա թող զարնեն, քնանանք պիտի. Կարեւորը՝ դրախտի ճամբան մեր առջեւ գոցող պիտի չըլլայ։ Հայ ենք, Քրիստոնեայ ենք, տառապած ցեղ ենք, Հայր Մեր երգած ենք։
Ամէնքս հոն պիտի գիշերէինք, այսինքն՝ քով քովի սարտիններու պէս պիտի պառկէինք։ Ծովուն հայող ննջարանները պարապ մնացին – հրեային յարձակման կողմն էր։ Բլուրներուն նայող ննջարաններուն, ճաշասենեակին եւ հիւրասենեակին մէջ թխմուեցանք։ Անկիւնի ննջարանին դուռին առջեւ մայրս էր, քովը՝ ես, քովս՝ եղբայրս, անոր քովը՝ ուրիշներ։ Յայտնի է ոմանք կը քնանային. խռմբոց ու հազ կը լսուէր։ Յանկարծ ի՛նչ ահաւոր պայթիւն էր թնդացուց թաղը։ Ես թռայ քովիններուս վրայէն զարնուեցայ անդիի պատին, ռումբին ոյժը խեղճ մօրս դռնէն դուրս հրեր եւ ուղղակի փռեր է երկու մեթէ անդին՝ խոշոր կըսկլորիկ փորով մարդու մը վրայ։ Մայրս մինչեւ կեանքին վերջը կը յիշէր ու կ՚ամչնար։ Իրարանցումէն ետք քանի մը հոգի յամառեցան պառկիլ, մնացեալը՝ կկզեցաւ։ Կրակոց ու կրակոց, խըշշըր խըշշըր ինկող բաներու ձայներ։ Խորհուրդ տրուեցաւ ծպտուն չհանել, եթէ հրեան կռահէ՝ «կը վերջացնէ մեզի»։
Մեր եւ քովի շէնքին միջեւ հազիւ տասը մեթր էր առանցքը։ Առտուն ելանք որ ռումբը եկեր հարուածեր է քովի շէնքին՝ ոչ վար, ոչ վեր, այլ՝ ճի՛շդ երկրորդ յարկը, զուգահեռ մեր յարկին։ Եթէ քի՜չ մը ասդին գար՝ մեր մեծահոգի տանտէրին գուշակութիւնը պիտի իրականանար։ Սահմռկած, մեռնելու հաշտուած էինք, բայց ճակատագիրը տրամաբանեց, որ քովի շէնքին երկրորդ յարկն է որ բնակիչ չունէր։ Փրկեց մեզ մահուան արիւնոտ ճիրաններէն... եւ դրախտի ճամբէն։
Այս ամիս, Օգոստոս չորսին պատահած հազար ռումբերու համազօր պայթիւնը աչքիս առջեւ բերաւ ենթագիտակցութեանս մէջ պահուըտած այդ գիշերը։ Միայն մէջէն անցնողը կը հասկնայ շփոթած ցաւին ու կեանքէն բաժնուելու սարսափին զօրութիւնը։ Կորուստը եթէ մարդկային չէ, կրնայ վերագտնուիլ նախկինէն պակաս կամ աւելի, կարեւոր չէ։ Միայն թէ հոգին կորովի մնայ. յոյսը կաղնիկաղ վերադառնալէ ետք՝ ուղիղ կայնի։ Առողջութիւնը եւ կամքը զօրանայ։ Ունեցողը չունեցողին հոգայ։ Այս մէկը լիբանահայութեան վերջի՜ն վիշտը ըլլայ։
1975-ի պատերազմի առաջին շրջանին՝ այսօրուան պէս կազմակերպուած կառոյցներ չկային որ անյապաղ օգնութեան փութային։ Եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ։
Քառասունհինգ տարի անցած է այդ օրէն։ Դիմագիծերը չեմ յիշեր, կը յիշեմ անմահական հայկական ոգին։ Ահաբեկած ու խրոխտ, տրտմանոյշ ու դալկացած դէմքերը։ Շէնքին հիւրընկալը. ինք կը հրամայէր, կինը կը գործադրէր. փիլիսոփայութիւն ունէրմարդը. «աս գիշեր պիտի մեռնինք» ըսաւ, մա՛րդ չընդդիմացաւ, «Չէ, ճանըմ» չըսաւ։ Երբոր չի քէօֆթէն պոլ- պոլ հասաւ, մէկը չմտածեց թէ առանց ելեկտրականութեան միսը ինչպէս թարմ մնաց։ Ոեւէ մէկը չյուսադրեց, որ վաղը Ամերիկան ժողովի պիտի նստի։ Պէպէքին կաթը մտածեցին, շորը փոխեցին, ամուսինը խօսք տուաւ, որ հազար ոսկի ալ արժէ՝ թաքսին պիտի վարձէ պիտի հասնին Հելեպ։ Ո՞վ յիշեց որ սահմանը անցնիլն ալ վտանգաւոր է։
Երբ Հայր Մեր-ին կարգը հասաւ, բոլորս ձեռքերնիս երկինք բարձրացուցինք, որ Աստուած տեսնէ, թէ հոս մարդեր կան զոյգ-զոյգ ձեռքերով։ Վախի եւ յուսահատութեան լացերնիս զսպեցինք, որ հրեան կարծէ թէ հոս մարդ չկայ։ Պաղեստենցիին կողմը դարձանք, բայց ան ալ հայտէ՜ թնդանօթը արձակեց շիփշիտակ Միջերկրականի վրայ տատանող հրեաներուն վրայ, բայց գնդակը երկու շէնքերուն մէջտեղէն սուրալու փոխարէն քիչիչիկ մը անդին գնաց, եւ փրկուեցաւ մեր նորայայտ ցեղը։
Հինգ օր ետք դուրս ելանք շէնքէն՝ հինգ-տասը քիլօ կորսնցուցած։ Շէնքին ետեւի բաց կառատան մէջ, առջեւի փողոցին մէջ փռուած դիակներ ու դիակներ։ Փոխադրուեցանք երկու քիլոմեթր անդին, Անթիլիասի շէնքի մը ապաստանարանը։ Ելեկտրականութիւն չկար, մութին մէջ սիլուէթներ ու լացող երեխաներ, անճրկած մայրեր ու լուռ բազմութեան մէջ ծեր կին մը, որ անդադար «եաւրո՜ւս եաւրո՜ւս» կը կրկնէր – զաւակը դուրս ելեր է տունէն, չէ վերադարձած։
Կարի մեքենաներով լեցուն այդ սրահը չհասած՝ գործատեղիին գրասենեակը կար։ Սեղանին վրայ սպիտակ հագած մոմ մը աչքերը բաց կայնած էր։ Դուրսը՝ չարիքի որոտումը, ներսը անմեղ հայերու ողջ առողջ մնալու իրաւունքը ոյժ տուաւ անոյժ մարմնիս։ Դիմացս, սեղանին վրայ զիս սպասող միակ մոմը վառեցի եւ գրեցի «Մոխիրէ Ծառ»ին երկրորդ մասը։

Նիւ Ճըրզի
Օգոստոս, 2020