image
Հրատապ լուրեր:

Լէյտի Սըրսոք. Պատմութեան մը ցաւալի աւարտը

Լէյտի Սըրսոք. Պատմութեան մը ցաւալի աւարտը

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հողին յանձնուեցաւ Լիբանանի նշանաւոր կիներէն մէկը՝ ազնուական ծագումով Լէյտի Սըրսոք, որ մահացաւ 98 տարեկանին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորուելէ եւ 27 օր տառապելէ ետք:

Լէյտի Իւոն Քոշրան Սըրսոք. այս անունը կրկին յայտնուեցաւ մամուլի էջերուն. համաշխարհային լրատուամիջոցներն ու մանաւանդ արուեստի ու ճարտարապետութեան թերթերը անդրադարձան Սըրսոքներուն, որոնց պատմութիւնը Լիբանանի պատմութեան կարեւոր ու անբաժան մասն է: Լէյտի Սըրսոքի մահուան լուրը օգոստոսի վերջին օրը յայտնեց Սըրսոքներու ժառանգութեան պահպանման հիմնադրամը՝ տեղեկացնելով, որ Սըրսոքներուն պատմական առանձնատունը, ուր կ՚ապրէր Լէյտին, բազմաթիւ շէնքերու կարգին մեծապէս վնասուած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, իսկ Լէյտի Սըրսոք վիրաւորուած էր եւ պալատը տակնուվրայ եղած… Անոր մահուամբ, ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, շրջուեցաւ Լիբանանի քրիստոնէական պատմութեան էջերէն մէկը եւս… Վնասներ կրած է նաեւ առանձնատան քով գտնուող «Սըրսոք» արուեստի թանգարանը…

Պայթումին օրը Լէյտի Սըրսոք թէյ կը խմէր քանի մը բարեկամներու հետ՝ հիանալով պատմական առանձնատունէն բացուող չքնաղ տեսարանով: Առանձնատունէն տեսարան կը բացուէր դէպի հարեւանութեամբ գտնուող «Սըրսոք» թանգարանը եւ անոր պարտէզները… Քանի մը վայրկեանի ընթացքին երկինքը պատուեցաւ ծուխով, փոշիով եւ պայթումին ձայնն ու ալիքը աւերեցին շուրջբոլորը: Հարիւաւոր մարդիկ զոհուեցան, վիրաւորներուն թիւը 7 հազարի հասաւ: Վիրաւոր Լէյտի Սըրսոք փոխադրուեցաւ Սըրսոքներու ամարանոցը՝ Լիբանանի Սաուֆար գիւղին մէջ, ուր կը դարմանուէր բժիշկներով ու հարազատներով շրջապատուած…

«Անոր սիրտը չդիմացաւ մարդկային կորուստներու ցաւին եւ այն աւերներուն, զորս տեսաւ 160 տարուայ իրենց տուն-պալատին մէջ, ուր կը բնակէր», գրեցին թերթերը եւ նշեցին, որ Լէյտի Սըրսոք նաեւ բաւական յառաջացած տարիք մը ունէր եւ պայթումէն ստացած վէրքերն ու ապրած սոսկումը անկարելի եղան զայն կրկին կեանքի վերադարձնել… Պարզապէս անփառունակ վախճան մըն էր մարդու մը համար, որ միշտ դէմ եղած է ահաբեկչութեան, անկարգութեան եւ աւերումի… Լէյտին մինչեւ վերջին շրջանը կ՚ապրէր արուեստի նուիրեալի եւ ջատագովի կեանքով, մինչեւ համաճարակը «Սըրսոք» թանգարանին մէջ աշխոյժ ցուցադրութիւններ կ՚ըլլային, ան կարեւոր ձեռնարկներուն ներկայ կ՚ըլլար եւ իբրեւ «Սըրսոք»ի տիրուհի, ձեռնարկներուն հիւրերը կը հիացնէր իր ազնուական ու վեհանձն ներկայութեամբ: Մինչեւ կեանքին վերջը ան հովանաւորած է բարձր ու ճաշակաւոր արուեստը ու հաւատացած, որ արուեստը կրնայ դէմ կենալ պատերազմներուն, երկխօսութեան դուռ բանալ հակամարտող կողմերուն:

Լէյտին 1960-ականներուն եղած է «Սըրսոք» թանգարանի կոմիտէի նախագահը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հնագոյն տուներու եւ բնակավայրերու պաշտպանութեան միութեան հիմնադիրը, որուն նախագահն էր 1960-էն 2002 թուականները: Անոր ամուսինը եւրոպական ազնուական ծագմամբ բարձրաստիճան զինուորական մըն էր՝ իրլանտացի Տեզմոնտ Քոշրան, որուն հետ Լէյտի Սըրսոք ամուսնացած է 1946 թուականին: Ամուսինը մահացած է 1979 թուականին:

Սըրսոք ընտանիքը Լիբանանի յոյն ուղղափառ տոհմերէն է, որ կը կրեն բիւզանդական եւ այլ հնագոյն քաղաքակրթական աւանդոյթներ: Սըրսոքները կը սերին Կոստանդնուպոլիսէն: Անոնց հարստութիւնը կը տարածուէր Մերսինէն մինչեւ Աղեքսանդրիա, Լիբանանէն մինչեւ Կիպրոս եւ Պաղեստին, ունէին ցորենի, բամպակի դաշտեր, գիւղատնտեսական եւ արտադրական այլ ձեռնարկութիւններ… Իսրայէլի պետութեան ստեղծումով եւ Թուրքիոյ ու Եգիպտոսի մէջ վարչաձեւերու փոփոխութիւնով Սըրսոքները կորսնցուցին իրենց հողերն ու եկամտաբեր վայրերը, իսկ Պէյրութի պալատը անոնց նախկին փառքի քանի մը խորհրդանիշներէն է:

Այս ընտանիքը կը համարուի Լիբանանի եօթ ամենահին եւ ազնուական ընտանիքներէն, Լիբանան հաստատուած է 1700-ականներուն: Սըրսոքներուն հետ, իբրեւ Լիբանանի միւս կարեւոր տոհմեր կը նշուին նաեւ Տաղէր, Թուէյնի, Ֆըրնէն, Ֆայատ, Տուք, Պուսթրոս, Տըպպէս ընտանիքները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր ներդրում ունեցած է վերջին երեք դարերու Լիբանանի պատմութեան մէջ եւ ընտանիքներուն ձգած ժառանգութեամբ տակաւին կը շարունակուի անոնց ազդեցութիւնը…

Սըրսոքներուն առանձնատուներէն մէկուն մէջ տեղակայուած է Լիբանանի ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որ կը գտնուի Պէյրութի Էշրաֆիէ շրջանի Ռիւ Սըրսոք փողոցին վրայ: Այդ փողոցին վրայ կը գտնուի նաեւ ուրիշ հարուստ ընտանիքներէ մնացած ամրոցներ, տուն-պալատներ, որոնք առանձակի շուք կը հաղորդէին Պէյրութի կեդրոնին: Պարտէզներով շրջապատուած այդ տարածքները կը յուշէին, որ Պէյրութը ժամանակին ամենագեղեցիկ պարտէզներով քաղաքներէն մէկն էր՝ լի կանաչութեամբ եւ ճաշակաւոր տուներով: Բայց ժամանակակից քաղաքայնացումն ու ոստանաշինութիւնը իրենց ճիրաններուն մէջ առած են նաեւ Պէյրութը: Ժամանակին «Փիւնիկեան մարգարիտ» կոչուած քաղաքը մէկ կողմէն ալ խամրած է պատերազմներէն եւ պայթումներէն…

Լէյտի Սըրսոքը դուստրն էր յոյն ուղղափառ ազնուական Ալֆրէտ պէյ Սըրսոքին, մայրը՝ Տոննա Մարիա Թերեզա Սերա տի Կասանոն, Իտալիոյ ազնուականութեան անդամ էր: Լէյտի Սըրսոք ծնած է 1922 թուականին՝ Նէափոլ, ունէր երեք քաղաքացիութիւն՝ բրիտանական, իտալական եւ լիբանանեան. 98 տարիներու իր կեանքը բաժնած էր Նէափոլի, Պէյրութի, Լոնտոնի, Իրլանտայի եւ այլ քաղաքներու ու երկիրներու միջեւ՝ խօսելով այդ վայրերու բոլոր լեզուներով, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէնով, որ Լիբանանի բարձր խաւի խօսակցական լեզուն է: Վերջին տասնամեակներուն մշտապէս հանգրուանած էր Պէյրութ եւ մօտէն հետեւած Սըրսոքներու՝ ժառանգութեան պահպանման գործերուն: Լէյտին բազում ծրագրերու միջոցներ նուիրած է, մանաւանդ անոնց, որոնք կը պաշտպանէին Լիբանանի հնագոյն բնական վայրերը, ազգային համայնքներու ժառանգութիւնը, արժէքաւոր ճարտարապետութիւնը: Ան միշտ կը քննադատէր իշխանութիւնները, որոնց անվերջ հակամարտութիւններուն թիրախ կը դառնան երկրին ճարտարապետութիւնը, գեղեցիկ վայրերը կը վնասուին եւ երկրին վարկանիշը կ՚իջնէ քաղաքական գործիչներուն վարած անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանքով:

Պայթումէն քանի մը օր ետք՝ 10 օգոստոսին, երբ Լէյտի Սըրսոք տակաւին ողջ էր, անոր որդիին՝ Ռոտրիկ Սըրսոք Քոշրանին պալատի հիւրասենեակին մէջտեղը կեցած լուսանկարը տպագրուեցաւ եւրոպական թերթերու մէջ, ուր, աղէտի եւ Լիբանանի տնտեսական ծանր կացութեան մասին հաղորդուելով կը նշուէր, որ անյուսութիւնը պատած է նաեւ այնպիսի ընտանիքներու, որոնք երկուհարիւր տարիէ ի վեր կայուն ապրած են այս վայրին մէջ եւ միշտ հաւատացած՝ զարգացումին, յառաջընթացին եւ իրենց գործով նպաստած են այդ զարգացումին:

Լէյտի Սըրսոքի որդին պատկերուած էր աւազափոշիով ծածկուած դաշնամուրին քով, թեւաթափ կեցած, դարձած աթոռներուն մէջտեղը: Անոր շուրջը կարծես պատմութեան մը աւարտն էր. նոյնիսկ Լիբանանի երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Սըրսոքներուն ժառանգութիւնը այնպէս չէր վնասուած, ինչպէս այս վերջին պայթումին: 160-ամեայ պալատը դիմացած է երկու համաշխարհային պատերազմներու, Օսմանեան կայսրութեան անկումին, ֆրանսական մանթատին եւ Լիբանանի անկախութեան, բայց անզօր գտնուած է ամոնիում նիթրաթի (աւշակածինի բորակատ) մահաբեր պայթումին առջեւ: Կառավարութեան անփութութիւնն ու երկրին մէջ քաղաքական անողոք պայքարը երկիրը այսօր դարձուցած են աղէտի գօտի:

Լէյտի Սըրսոքի ընտանիքին անդամները տակաւին սուգի մէջ են՝ Լէյտիին մահն ու պալատին անկումը Սըրսոքներու պատմութեան դառն էջերէն մէկն են. անոնք, սակայն, որոշած են վերականգնել պալատը եւ շարունակել դարաւոր գործը՝ վերադարձնելով ընտանիքին նախկին փառքը, որուն հաւատացած են Սըրսոքները:


«ՍԸՐՍՈՔ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

«Սըրսոք» թանգարանը ժամանակին եղած է Լէյտի Սըրսոքին հօրեղբօր՝ Նիքոլաս Իպրահիմ Սըրսոքի առանձնատունը: Մահէն ետք առանձնատունը անոր կտակով անցած է Պէյրութին, իսկ իբրեւ թանգարան սկսած է գործել 1961 թուականին՝ Պէյրութի մշակութային կեանքէն ներս ժամանակակից արուեստի ցուցադրութիւններուն նախադէպը ստեղծելով:

«Սըրսոք» թանգարանին շէնքը լիբանանեան ճարտարապետութեան հիանալի օրինակներէն մին է, կը կրէ իտալական, վենետիկեան եւ օսմանեան ճարտարապետութիւններու ազդեցութիւնը:

Ժամանակակից արուեստի գործերէն բացի, թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ ճաբոնական փորագրութիւններ եւ իսլամական արուեստի աշխատանքներ, ընդհանուր առմամբ արուեստի հինգհազար նմոյշ, որոնց մէջ կը մտնեն նկարներ, քանդակներ, ճենապակեայ աշխատանքներ, 18-20-րդ դարերու թուագրուած գիրքեր: Շէնքին մէջ կը գործեն գրադարաններ, գրախանութ, երաժշտական սրահներ: Լիբանանի կերպարուեստի զարգացման այս կեդրոնի հաւաքածոներուն մէջ կան նաեւ հայ նկարիչներու՝ Փօլ Կիրակոսեանի, Ասատուրի, Զաւէն Խտշեանի, Կիւվտերի, Գրիգոր Նորիկեանի եւ ուրիշ հայ արուեստագէտներու գործերէն: Ցուցասրահը միշտ բաց եղած է հայ արուեստագէտներուն եւ անոնք անցեալ դարու կէսերէն մշտապէս ցուցահանդէսներ ունեցած են այս վայրին մէջ: Թանգարանը նաեւ հայ կազմակերպիչներ եւ արուեստաբաններ ունեցած է. այսօր ալ հայեր ներգրաւուած են Սըրսոքներու ճարտարապետական կառոյցներու գործերուն մէջ:

«Ափսոս, որ այլեւս ցուցասրահին մէջ չենք կրնար տեսնել Լէյտի Սըրսոքը, որ քաջալերողն էր արուեստի զարգացման եւ պահպանելով աւանդականը՝ զարկ կու տար նորարութիւններուն», անոր մահուան առթիւ «Սըրսոք» թանգարանի էջին վրայ գրած են այցելուներ եւ ստեղծագործողներ: Սըրսոքի թանգարանն ալ իր կարգին պայթումէն աւերներ կրած է: Ասիկա թանգարանի պատմութեան մէջ երկրորդ մեծագոյն վնասն է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն թանգարանին շէնքն ու հաւաքածոները վնասուած էին եւ քսան տարուայ նորոգումէն ետք թանգարանը 2010 թուականին իր դռներն ու այգիները բացած էր այցելուներուն առջեւ, իսկ քանի մը տարի առաջ բարելաւած էր գետնայարկերը եւ զանոնք նոյնպէս արուեստի սրահներ դարձուցած: Ահաւասիկ, կրկին փակուեցան թանգարանին դռները: Մշակութային ժառանգութեան մասնագէտներ եւ փրկարարներ կը զննեն վնասը գնահատելու եւ փրկելու արուեստի հաւաքածոները եւ զանոնք վերականգնելու ծրագիրներ կը կազմեն:

…Պէյրութի մէջ տակաւին թարմ են 4 օգոստոստի աղէտին հետեւանքները: Երկիրը ընկղմած է խոր ճգնաժամի մէջ: Ամէնուր արտագաղթի տրամադրութիւններ կան, ինչպէս նաեւ այնտեղ ապրող հայերը ունին նոյն տրամադրութիւնը: Բայց չի մարիր յոյսը, որ «Միջերկականի գոհար» կոչուող երկիր մը, կրկին պիտի փայլի երբեմնի փայլքով…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամաանկ»/Պոլիս