image

Տրամաբանութիւն եւ ..իրականութիւն.Կամ մեր դպրոցներուն մէջ ինչպէս պայքարիլ «Քովիտ»ի դէմ

Տրամաբանութիւն եւ ..իրականութիւն.Կամ  մեր դպրոցներուն  մէջ  ինչպէս   պայքարիլ «Քովիտ»ի  դէմ

Թագաժահրին պարտադրած պայմաններուն բերումով Հայրենի ուսումնական հաստատութիւնները իրենց դռները քիչ մը ուշացումով բացին աշակերտութեան դիմաց: Այս ուսումնական տարեշրջանը իր տեսակին մէջ եզակի պիտի ըլլայ եւ միաժամանակ անմոռանալի թէ՛ դպրոցներու տնօրինութեան, թէ՛ ուսուցչական կազմերուն եւ թէ՛ մանաւանդ աշակերտութեան:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մարմնամարզութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած կանոնները այս ուսումնական տարեշրջանին համար՝ առնչուած թագաժահրին, բաւականին խրթին եւ շատ յաճախ անհասկնալի ու անտրամաբանական են:

Օրինակի համար.

Տրամաբանական է, որ ստղծուած այս իրավիճակին մէջ դիմակ կրելը որոշակի օգտակարութիւն ունի՝ որոշ չափով ապահով ու զերծ մնալու վարակուելէն, սակայն անտրամաբանական է, որ 6-10 տարեկան մանուկներուն ստիպել 4-5 ժամ դիմակ կրել…

Տրամաբանական է, որ աշակերտներուն ապահովութեան համար դասասենեակները յաճախ օդափոխել, բայց անտրամաբանական է աշակերտներուն դասարաններուն մէջ պահել ամբողջ օրը…

Տրամաբանական է, որ մեծ դասարաններու աշակերտութեան դիմակ կրել պարտադիր դարձնելը, բայց անտրամաբանական է, պարզապէս մի քանի անգամ դիմակ տրամադրելը եւ յետոյ ձգել, որ դպրոցի տնօրինութիւնը այդ գործով զբաղի, իսկ աւելի անտրամաբանական է, որ այդ տնտեսական ծանր բեռը աշակերտութեան ծնողներուն վրայ ձգելը, նկատի ունենալով համավարակին պատճառվ ստեղծուած տնտեսական ծանր կացութիւնը՝ որ շատերուն «այցելած» է այս օրերուն, եւ կը յամառի երկար մնալ որպէս անկոչ «հիւր»:

Ի վերջոյ, տրամաբանական է, որ Նախարարութիւնը միջոցներու մասին մտածէ՝ թէեւ մեծ մասը ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ, սակայն անտրամաբանական է, որ առաւօտեան դպրոցներու մուտքերուն 35-40 հոգի հասնող ծնողներ կողք-կողքի կանգնած՝ առանց  ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու, իրարու հետ զրուցեն… Պէտք չէ մոռնալ, որ համավարակին դէմ յաղթանակ տանիլը միայն Նախարարութեան եւ գործող իշխանութեան առանձնայատկութիւնը չէ, այլ՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Յարգելի ծնողներ, եթէ դուք ձեր առողջութեան մասին չէք մտածեր, գոնէ բարի եղէք ձեր երեխաներու առողջութեան համար աւելի զուսպ եւ զգոյշ ըլլալ:

 

Յ. Գ. Որովհետեւ անդրադարձայ դպրոցականներու ծնողներու տնտեսական վիճակին, այստեղ նշեմ նաեւ մէկ այլ ոլորտի անտրամաբանութիւն: Այսպէս.

տրամաբանական է, որ թագաժահրի պատճառով աշխարհը արդէն իսկ եւ յառաջիկայ մի քանի տարիներու ընթացքին տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ կը գրաւէ ու պիտի գրաւէ, սակայն անտրամաբանակապ է մեր ներկայ իշխանութիւններուն չափազանց լաւատեսութիւնը՝ երբեմն նոյնիսկ ծիծաղ պատճառող, տնտեսական յեղափոխութեան եւ տնտեսական ձեռքբերումներու մասին… Պարզապէս պէտք է սթափիլ եւ երազներու գիրկէն փոխադրուիլ իրականութեան գիրկը:

 

Վարանդ Քորթմոսեան

15 Սեպտեմբեր 2020

Վաղարշապատ