image

Պէյրութ... Գրեց՝ Արմենակ Թոքմաճեան

Պէյրութ... Գրեց՝  Արմենակ Թոքմաճեան

- Ալ-սալամու ալէյքոմ 

- Ուա ալէյքոմ ալ-սալամ

- Շատ հանգիստ չէ այս աթոռը: Բարեբախտաբար մեր  ճանապարհը կարճ է:

- Ո՞ւր կ'երթաք. Պէյրո՞ւթ:

- Այո։ Իսկ դո՞ւք:

- Սայտա:

- Այնտեղ կը բնակի՞ք, թէ՞ գործով կ'երթաք:

- Այնտեղ ծնած, մեծցած են: Բայց արդէն 35 տարի է Դանիայի մէջ կ'ապրում կնոջս եւ երեխաներուս հետ: Կ'երթամ Սայտա երկրորդ կնոջս մօտ:

- Ահա...

- 17 թոռնիկ ունիմ: 18-րդն ալ ճանապարհին է։

- Աստուած պահէ եւ շատացնէ:

 

Միջին Արեւելքին  բնորոշ  եւ   բաւական հետաքրքրական  հանդիպումով սկսաւ իմ գործուղումը դէպի Լիբանան: Մենք զուգադիպօրէն նստած էինք կողք-կողքի «Թրքական Աւիաուղիներ»ուն պատկանող A330-300 հսկայական օդանաւին մէջ, որ ամէն օր հարիւրաւոր բազմազգ ուղեւորներ կը փոխադրէ Լիբանան: Ամէն անգամ, երբ այս թռիչքով կը մեկնիմ Պէյրութ, կը մտածեմ, թէ ուրկէ՞ այսքան մարդ։ Ուրկէ՞ այսքան հետաքրքրութիւն այս փոքրիկ երկրի նկատմամբ, որուն միակ օդակայանը 2017-ին սպասարկած  է մօտ 8.2 միլիոն մարդ։

 

Լիբանանը եւ յատկապէս Պէյրութը իւրայատուկ վայր է Միջին Արեւելքի մէջ։ Պէյրութ քաղաքը բազմաշերտ հակասութիւններու մեծ թնճուկ մըն է: Այդ իրողութիւնը ինքնին հետաքրքրական  է շատ մարդոց համար: Այս ծովեզերեայ քաղաքին շատ բացասական կողմեր ակնառու են նոյնիսկ հասարակ ճամբորդի համար։ Բայց առաւելութիւնները եւ իւրայատկութիւնները նոյնպէս յայտնի են: Ես դեռ չեմ գիտեր որմէկն է գերակշռողը։

 

Անպատեհութիւններու կրնաք հանդիպիլ վայրէջքէն անմիջապէս ետք։ Երբ քանի մը օդանաւ միաժամանակ կ'իջնէ, passport control-ի մօտ կը հաւաքուի մարդոց մեծ բազմութիւն։ Այս անգամ բախտը ինձ չժպտաց՝   մէկ ժամ 20 վայրկեան սպասեցի։ Բայց այդ երկար սպասումը, ինչպէս օդանաւին մէջ պատահական ծանօթութիւնը, կրնայ հետաքրքիր  ըլլալ։

 

- ի՞նչ կը կարդաք,- կողքս կանգնած մարդ մը հարցուց ձանձրոյթը մեղմելու համար:

- 2006-ի Հըզպալլա-Իսրայէլ պատերազմի մասիմ,- պատասխանեցի։

 - Օհ հետաքրքիր է։ Իսկ դուք ուրկէ՞ էք,- հարցուց։

-  Հայաստանէն, - ըսի, - Դուք երեւի իտալացի՞ էք։ - Այո, այո ... Գիտէք, ես միայն հայկական քոնեակ   կը խմէի,  2006-ին, երբ Երեւան էի ...։

Հակառակ որ հաճելի էր իտալացիի գովաբանութիւնը, սակայն կարելի չէր բազմազգ մարդոց շարքին  մէջ չնկատել մտահոգ դէմքեր։ Սուրիացիներ, որոնց  համար սահման հատելը ոչ թէ ձանձրալի, այլ մտահոգիչ հարց էր։ Սուրիացիները պատերազմէն առաջ հեշտութեամբ կրնային իրենց ID-ով անարգել մտնել Լիբանան։ Իսկ հիմա անոնք պէտք է ներկայացնեն կամ կեցութեան կամ «թրանզիթ»ի կամ ուրիշ հիմքեր, որպէսզի կարողանան երկիր մտնել։

 

Passport control-ը անցնելէ ետք, ամէն անգամ կը յիշեմ Պէյրութը լաւ բնութագրող միտք մը, որ լսած եմ Միջին Արեւելքին քաջածանօթ    անձէ  մը ․ «Պէյրութի մէջ օդէն բացի ամէն ինչ փողով է»։ Համաձայնելով՝    կ'աւելցնեմ, որ այդ «անվճար» օդն ալ չափազանց ապականած է։ Այդ մասին կարելի է համոզուիլ օդակայանէն  դուրս գալուն պէս։ Յիշեալ խօսքը լաւագոյնս կ'ապացուցեն դուրսը կանգնած թաքսիսթները վարորդները։ Անոնք կը յարձակին եւ կը փորձեն համոզել, որ շատ «մատչելի», քառասուն- յիսուն տոլարով կրնան տանիլ քաղաք, երբ իսկական ուղեվարձը մօտ տասնհինգ տոլար է։ 

Աստիճանաբար Պէյրութի բացասական կողմերը մէկ առ մէկ ի յայտ  կու գան։ Սղաճ, ընկերային անհաւասարութիւն, կեղտոտ եւ գերխճողուած ճանապարհներ, եւ այլն։ Հարկաւ կարելի է նաեւ թուարկել շատ առաւելութիւններ ինչպէս․ համեղ ուտեստեղէն, գեղեցիկ բնութիւն, հարուստ արեւելեան շուկաներ եւ այլն։ Բայց այս քաղաքը ունի նաեւ ուրիշ իւրայատկութիւն մը, որ իմ այնտեղ յաճախ այցելելու հիմնական պատճառն է։ Պէյրութը կը մնայ Միջին Արեւելքի հասարակական գիտութիւններու եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն։ Այն ունի հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ գրադարաններ,  ամենակարեւոր  արաբերէն հրատարակութիւններով։ Ի տարբերութիւն շատ մը  արաբական մայրաքաղաքներու, Պոլսոյ եւ Թեհրանի, Պէյրութը համեմատաբար աւելի հիւրընկալ է, բաց է եւ հասանելի  շատ գիտնական հետազօտողներու, լրագրողներու եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններով հետաքրքրուած մասնագէտներու համար։

 

 

Արմենակ Թոքմաճեան

 

*Արմենակ Թոքմաճեանը«Միջազգային Ճգնաժամային Խումբ»ի՝ Միջին Արեւելքի բաժնի մէջ վերլուծաբան է։ Ան միաժամանակ կը  վարէ «Ֆրեդրիխ Էպերտ Շտիֆտունգ»ի մէջ ունի կրտսեր գիտաշխատողի պաշտօն։